ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՁԵՌՆԱՐԿ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկէն երկու արժէքաւոր ներկայացուցիչ։ Այսպէս, մեզի այցելեցին Մարի Նալճը եւ Մարիամ Տրամէրեան, որոնք բացատրութիւններ տուին Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադրութեան 60-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Անոնք յայտնեցին, որ մօտաւոր ապագային հիմնարկի վարչութիւնը յոբելենական հանդիսութիւն մը կազմակերպած է՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։

Մարի Նալճը եւ Մարիամ Տրամէրեան բացատրեցին, որ վարչութիւնը այս յոբելեանը պատեհ առիթ մը կը համարէ՝ արժեւորելու Ուսուցչաց հիմնարկի անցած ուղին եւ նախանշելու համար անոր ապագայի վերաբերեալ ծրագիրները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 28, 2025