ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎՐԺ.Ի ՍԱՆԵՐԸ ՄՐՑԱՆԱԿ ՄԸ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ

Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները շաբաթավերջին մասնակցեցան «6. Technovation Turkey Launch Event» ձեռնարկին։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր՝ խրախուսել STEM-ի մարզէն ներս յաւակնոտ երիտասարդներու պատրաստութիւնը։ Պէզճեանցիներու խումբը վերահսկեց համակարգիչի ուսուցչուհի Գարոլին Էզիքօղլու։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկի ընթացքին առաջնահերթութիւն ընծայուեցաւ՝ որակեալ կրթութեան եւ անհաւասարութիւններու նուազեցման նիւթին։ Պէզճեանցիները, որոնք լիսէի աշակերտներու հետ մրցեցան, նուաճեցին «IMPACT REWARD» մրցանակը։

Մայր վարժարանի խումբին մէջ էին՝ Արիա Թաշճըլար, Սարին Եըլմազ, Թամարա Ղազարեան եւ Քեթրին Տէյիրմենճի։

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025