ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ արք. Մաշալեան ընդունեց Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեան: Յայտնի է, որ ատենապետն ու հոգեւոր հովիւը արդէն եղբայրներ են:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ՝ երկրաշարժէն վնասուած Իսքենտէրունի եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագրին: Հարկ է յիշեցնել, որ պատկան մարմիններէն անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը արդէն հասած է այս ուղղութեամբ: Հետեւաբար, վերանորոգութեան հեռանկարները իրականութեան վերածելու տեսակէտէ անհրաժեշտ դարձած են նիւթական միջոցներ: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ծխական խորհուրդի ատենապետը կարծիքի փոխանակութիւններ ունեցան ստեղծուած իրադրութեան շուրջ: Ծխական խորհուրդին կողմէ ձեռնարկուած նիւթական որոնումներուն կապակցութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը ստացաւ մանրամասն տեղեկութիւններ:
Մինչ այդ, Գումբագաբուի երէկուան զրոյցը առիթ հանդիսացաւ նաեւ շօշափելու համար՝ այս տարի Մեծ պահքի շրջանին դէպի գաւառի եկեղեցիները ծրագրուած աւանդական ընդունելութեան վերաբերեալ նիւթերը: Ուխտագնացութեան ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ Իսքենտէրունի եկեղեցին եւ Մուսա լեռան Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Իսքենտէրունի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքները եւ իր օրհնութիւնը տուաւ, որպէսզի վերանորոգման նախագիծը կեանքի կոչելու ճանապարհին անոնց կողմէ որդեգրուած յամառ կեցուածքը պսակուի յաջողութեամբ: