ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ 27-ՐԴ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ ՍԿՍԱՒ

Երէկ երեկոյեան սկսաւ Միջմիութենական գիտական մրցոյթը, որ 27-րդն է իր նմաններու շարքին։ Միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ տարիներէ ի վեր հետեւողական ջանքերով կազմակերպուած՝ խոր աւանդութիւններով նախաձեռնութիւններէն մին է այս մէկը։ Նկատի ունենալով, որ անցեալ տարուան մրցոյթի դափնեկիրը դարձած էր «Մարալ» միութիւնը՝ այս տարուան մրցոյթի կազմակերպման պատասխանատուութիւնը վիճակած է անոր։ Այս տարուան գիտական մրցոյթը ձօնուած է՝ Տիանա Շէրիտճեանի եւ Ալէն Քալքի յիշատակին։

Ինչպէս երէկուան առաջին փուլը տեղի ունեցաւ, այնպէս ալ յաջորդները տեղի պիտի ունենան Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ։ Եօթ փուլի ձեւաչափով նախատեսուած մրցոյթը պիտի եզրափակուի մարտի 30-ին։ Հանդիսավարի պաշտօնը ստանձնած է Նաթալի Միհրանեան։

Մրցոյթի դատակազմին մէջ են՝ Սելմա Մելեքեան, Շահան Սարըօղլու, Լեռնա Փափազեան, Ճուլիա Էօզնիկոլեան, Գարէն Էմիրկելօղլու, Արման Տելկի եւ Սարօ Աբէլեան։

Այս տարուան մրցոյթին կը մասնակցի տասնմէկ միութենական խումբ։ Գիտելիքները չափելու եւ ընդհանուր զօրակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու հետամուտ այս նախաձեռնութիւնը առաջին իսկ քայլափոխին առիթ դարձաւ հանդիսաւոր ոգեւորութեան։

Մրցոյթի յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ այս հինգշաբթի՝ մարտի 5-ի երեկոյեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026