ERVAB-Ի ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) նիստը: Երկար ժամանակէ ի վեր ԹՎՄ-ի ժողովները չէին կայանար: Վերջին անգամ քանի մը ամիս առաջ յայտարարուած էր, որ ԹՎՄ-ի ժողովը պիտի գումարուէր՝ այդ ալ մամուլին համար բաց: Դժբախտաբար, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի անակնկալ առողջական խնդիրները վրայ հասած էին եւ այդ ժողովը ակամայ յետաձգուած էր: Ծանօթ է, որ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Շիրինօղլու ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ ԹՎՄ-ը: 

Յամենայնդէպս, թէեւ յետաձգուած ժողովը նախատեսուած էր մամուլին համար բաց, երէկ ի վերջոյ գումարուած նիստը դարձեալ դռնփակ տեղի ունեցաւ: Սա վերջին տարիներուն ձեւաւորուած անհանգստացուցիչ նախընթաց մըն է, սակայն, համայնքային վաքըֆները կը նախընտրեն հնարաւորինս իրենց աշխատանքը հեռու ծաւալել մամլոյ ներկայացուցիչներէն: 

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած նիստին ներկայ գտնուեցան համայնքային հաստատութիւններու ատենապետները կամ անոնց ներկայացուցիչները: Ժողովի սկիզբին ներածական խօսքով մը հանդէս եկաւ Պետրոս Շիրինօղլու: Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն՝ ժողովի ընթացքին համայնքային հաստատութիւններու վարչայինները խոշորացոյցի տակ բերին առկայ հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցեր: Արդարեւ, թէ՛ համաշխարհային եւ թէ երկրին տնտեսական կացութեամբ պայմանաւորուած՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգէն ներս հետզհետէ հրատապ կը դառնայ ընդհանուր զօրակցութեան կարիքը, համայնքի անդամներու չքաւորութեան պայմաններուն ներքեւ: Սա կը ստեղծէ կացութիւն մը, երբ համայնքային վարիչներուն առջեւ պարտաւորութիւն ստեղծուած է նոր առաջնահերթութիւններ որդեգրելու: Բնականաբար, այդ նոր առաջնահերթութիւններուն զուգահեռ՝ համայնքի ընդհանուր միջոցներու հունաւորման նախապատուութիւններն ալ ստիպողաբար կ՚ենթարկուին փոփոխութեան: Իսկապէս ծանր կացութիւն մըն այս մէկը, որու պարագային համայնքային վարիչները կը ջանան առաջնորդուիլ հնարաւորինս նպատակասլաց:

Այս ամբողջին մէջ, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ժողովականներուն խորհուրդ տուած է, որպէսզի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս կատարուած անվճառ դարմանումներու կամ խնամատարութեան ծառայութիւններու պարագային ալ ցուցաբերել զգուշութիւն՝ մանաւանդ, որ այս նիւթերուն կապակցութեամբ սկսած են աւելի բծախնդիր վերաբերմունք ցուցաբերել նաեւ պատկան իշխանութիւնները, որովհետեւ շատ յաճախ պետական ապահովագրական համակարգէն միջոցներու յատկացումներ կը կատարուին նման դէպքերու մէջ: Պետրոս Շիրինօղլու կոչ ուղղեց, որպէսզի համայնքէն ներս ընդհանուր զօրակցութեան տրամադրութիւնները խրախուսին, համայնքի անդամները առանձին ու անտէր չզգան, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, միջոցները օգտագործուին ծայր աստիճան նրբանկատօրէն, որպէսզի դժուարին պայմաններու ներքեւ մսխումները կանխուին:

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026