ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԲԱՐԵԶԱՐԴՄԱՆ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Զրոյցի ընթացքին թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ Պէյքոզի եկեղեցին նորոգութեան ու բարեզարդման կը կարօտի։ Ուստի, շինարարական աշխատանքներուն համար անոնք խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։

Թաղականներու փոխանցած տեղեկութիւններու լոյսին տակ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտայայտեց բարձր գնահատական՝ նկատի ունենալով հայ բնակչութենէ նօսրացած եւ թրքահայ հաւատացեալներուն համար ուխտավայր դարձած մեր այս սրբատեղիի պայծառութեան ուղղեալ ջանքերը։ Ան ընդգծեց, որ Վոսփորի Արեւելեան ափի մեր այս եկեղեցին միշտ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ՝ յաչս հաւատացեալ ժողովուրդին։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց շինարարական աշխատանքներուն համար՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025