ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԵՐԱՄԻԱՒՈՐՄԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Թարապիոյի պանդոկին մէջ մասնակցեցաւ պաշտօնական ընդունելութեան մը, որ ձօնուած էր Գերմանիոյ վերամիաւորման օրուան։ 3 հոկտեմբերին կը նշուի Գերմանիոյ ազգային տօնը, որու նախօրեակին կազմակերպուած էր պաշտօնական ընդունելութիւնը՝ Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Սիպիլ Քաթարինա Սորկի եւ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս տքթ. Ռեժին Կրինպերկերի հիւրընկալմամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեր համայնքին անունով շնորհաւորութիւններ յղեց դեսպանին եւ աւագ հիւպատոսին, որոնք ջերմօրէն ողջունեցին իր ներկայութիւնը։
Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ընդունելութեան հրաւիրուած էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։