ՈՉ ԵՒՍ Է ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ԹԱԼԻՆ ՉՈՐԹԱՆ-ԿԱՐԻՊԿԻՒՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական համակարգի համակրելի մշակներէն Թալին Չորթան-Կարիպկիւն, որ կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։ Իր կորուստը խոր սուգ պատճառած է համայնքային շրջանակներուն՝ մանաւանդ պոլսահայ կրթական համակարգի պաշտօնակիցներուն։ Բոլորը քաղցր յիշատակներ ու դրական վկայութիւններ ունեցած են իրեն վերաբերեալ։ Երկու զաւակներու մայր Թալին Չորթան-Կարիպկիւն վերջին տարիներուն ենթարկուած էր վիրահատութիւններու, կեանքի եռանդով կը ջանար դիմադրել հիւանդութեան եւ այդ բոլորը այսօր անխուսափելիօրէն կը ծանրացնեն իր անժամանակ կորուստով յառաջացած ցնցումը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր բարի հոգւոյն, խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք ամուսնոյն՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետներէն տքթ. Ժիրայր Կարիպկիւնին, զաւակներուն, ամբողջ ընտանիքին, պաշտօնակիցներուն եւ համայն սիրելիներու շրջանակին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2026