ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Թրքահայ համայնքային վարժարաններէ ներս հայոց լեզուի ու գրականութեան առարկաներու դասաւանդման համար նոր ծրագրի մը մշակման ուղղեալ աշխատանքներ սկսած են՝ Ազգային կրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ։ Համայնքային կրթական համակարգին տեսակէտէ այս հարցը ունի վաղեմութիւն եւ լուրջ բնոյթ։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) Կրթական յանձնախումբին կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որով հանրային կարծիքի նկատառման կը յանձնուի կարեւոր նախաձեռնութեան մը մեկնարկը։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ այս քայլը կ՚առնուի՝ «Թուրքիոյ դարու ուսուցման մոտել»ի ծիրէն ներս։ Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ լիսէի տասներկու տարիներուն համար հայերէնի կամ հայոց լեզուի ու գրականութեան առարկաներու դասաւանադման նոր դասացուցակներ պիտի պատրաստուին։
Այս նախաձեռնութիւնը, ըստ էութեան, կը հետապնդէ երկու նպատակ. առաջին՝ հայերէն դասերու համահարթեցումը (սթանտարտիզասիոն) եւ երկրորդ՝ վարժարաններու միջեւ մակարդակի տարբերութիւններու վերացմամբ՝ դասաւանդուելիք բովանդակութիւնները սիստեմաթիք ձեւով մատուցել այն կրթական մշակներուն, որոնք կա՛մ այժմ կ՚աշխատին կամ ալ ասպարէզէ ներս նոր մուտք պիտի գործեն։
Բաց աստի, այսպէսով պիտի յաղթահարուի նախարարութեան «e-okul» համակարգէն ներս հայերէն առարկաներու գնահատման խնդիրը։ Արդարեւ, այսպէսով նախարարութեան հաւանութեան արժանանալով՝ ծրագիրը պաշտօնական բնոյթ պիտի ստանայ, ուսուցման մոտելի համապատասխան ձեւաչափ պիտի ունենայ, իսկ թղթածրարը պիտի յանձնուի նախարարութեան։
Ցարդ համայնքային շրջանակներէ ներս՝ մանաւանդ ERVAB-ի հարթութեան վրայ բազմաթիւ քննարկումներ ծաւալուած են այս նիւթին շուրջ։ Իսկ անցեալ ամսուան վերջին տասնօրեակին, այսինքն բոլորովին վերջերս, Կեդրոնական վարժարանին մէջ կազմակերպուած է աշխատաժողով մը։
Սոյն աշխատանքը շուրջ տարուան մը ժամկէտը կ՚ենթադրէ։ Այս ժամանակահատուածին չորս աշխատաժողով պիտի կազմակերպուի։
Ծրագրի թեքնիք ղեկավարն է փրոֆ. Մուսթաֆա Էօզթիւրք, իսկ համակարգողը՝ Սարին Թաշհան։ Համայնքային նախակրթարաններուն համար համակարգող-տնօրէնուհի եղած է Մարալ Էօզտաղ, միջնակարգերու համար՝ Տիրուհի Պերին եւ լիսէներու համար՝ Տենչա Չընար։
Ծրագրի գործադրութեան համար նախատեսուած ժամանակահատուածին ամէն ամիս պիտի պատրաստուին տեղեկագրեր։