ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն աշակերտներու խումբ մը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանն ալ ներկայ էր հանդիպման։ Աշակերտներուն ուղեկցեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ դպրոցի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ։
Հանդիպման սկիզբին բոլորը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ ընծայուած ընդունելութեան համար։ Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները շեշտեցին, որ փափաքած էին տղաքը հաղորդ դարձնել Պատրիարքական Աթոռին եւ Նորին Ամենապատուութեան պատգամին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց աշակերտները, որոնք առարկայ դարձուց անկեղծ վերաբերմունքի՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնը։ Ան տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան եւ այժմու գործունէութեան մասին։ Աւելի վերջ տղաքը հնարաւորութիւն ունեցան իրեն հարցումներ ուղղելու։ Հանդիպման ողջ տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ Պատրիարքարանի երդիքին տակ համախմբուած էին նոր սերունդէ ներկայացուցիչներ, որոնք ապագային պիտի ստանձնեն համայնքին ղեկը։ Ան յորդորեց, որպէսզի անոնք երբեք չերկմտին Պատրիարքարան այցելելու ուղղութեամբ։ Հարցում-պատասխանին առընթեր, տղաքը ուրախութեամբ երգեր երգեցին եւ աղօթեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։
Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունելութեան ընթացքին գնահատեց տնօրէնուհին ու կրթական մշակները եւ բոլորին նուիրեց աւետարաններ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէ հրաժեշտ առնելէ վերջ, տղաքը Պատրիարքարանի համալիրէն ներս տեսան Կոմիտաս Վարդապետի արձանը։ Հուսկ, անոնք շրջայց մը կատարեցին Յովհաննէս Կոլոտի թանգարանին մէջ՝ ուղեկցութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց իրենց։