ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖՖԻ ՓՈՐԹԱԳԱԼԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց ծանօթ հնահաւաք, հնագէտ ու գործարար Ռաֆֆի Փորթագալն ու դուստրը՝ Մայան:
Ինչպէս ծանօթ է, անոնք հեղինակութիւն կը համարուին արուեստի շրջանակներէն ներս եւ իրենց «Փորթագալ» արուեստի տունը այդ բանագաւառի առաջատարներու շարքին է՝ իր լուրջ ներդրումով: Ռաֆֆի Փորթագալ Պատրիարքարանի շէնքի մեծ նորոգութեան ու բարեզարդման շրջանին ալ ունեցած էր իր գործօն մասնակցութիւնը:
Ռաֆֆի եւ Մայա Փորթագալները երկար ատեն ետք իրականացած սոյն այցելութեամբ յայտնեցին, թէ փափաքած էին գտնուիլ Պատրիարքարանի սրբազան յարկի ներքեւ եւ ստանալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ կարծիքի փոխանակում ունենալ արուեստի հարցերու շուրջ։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ իրենց ծրագիրներուն եւ գործունէութեանց մասին։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ողջունեց Փորթագալները, խրախուսեց իրենց ծրագիրները, օրհնեց զանոնք ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։
Ապա հիւրերը՝ առաջնորդութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, շրջեցան Պատրիարքարանի «Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանը եւ տեղեկութիւն ստացան ցուցադրուած գոյքերու մասին: