«ԻՄ ՍՐՏԻՆ ԴԱՇՈՅՆ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երաժշտական աշխարհէ ներս նոր ոստումի մը սեմին է համակրելի երգիչ Այգուն Պուտաք, որ ողջունելի գործունէութիւն կը ծաւալէ։ «Իմ սրտին դաշոյն» խորագրեալ իր երգն ու տեսահոլովակը արդէն հասանելի է առցանց բոլոր հարթակներու վրայ։ Սա Այգուն Պուտաքի առաջին ստեղծագործութիւնն է արեւմտահայերէնով։ Թարգմանութեան համար ան աշխատած է փորձառու կրթական մշակ Վերա Չքընօղլուի հետ։ Այգուն Պուտաք այս գործը ձօնած է իր մեծ մօր՝ Սիլվա Փափազեանի յիշատակին։ Յօրինումներու կարգաւորման համար համագործակցած է Հալուք Փոլատ։

Վստահաբար Այգուն Պուտաքի այս գործը արժանանայ երաժշտասէրներու ուշադրութեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025