ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Արա Չընարն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Թաղականները եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան ընդառաջ Գումգաբու այցելեցին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Նկատի ունենալով, որ խումբին մաս կը կազմէր Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէնուհի Տիլարա Շապճեան՝ Նորին Ամենապատուութիւնը իրմէ տեղեկութիւններ ստացաւ կրթօճախին շուրջ։ Թաղականներուն հետ ալ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ ընթացիկ հարցերու շուրջ՝ ներառեալ շարք մը կալուածական նիւթերը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտայայտեց իր մօտեցումները այդ բոլորին կապակցութեամբ։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը Եշիլգիւղի ընտանիքին փոխանցեց իր օրհնութիւնները՝ յղելով յաջողութեան եւ կարողութեան մաղթանքներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025