Հինգշաբթի 6, Փետրուար 2025
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոնը, որ իր պաշտօնավարութեան շրջանին առաջին անգամ այցելեց Գումգաբու։ Սա քաղաքավարական այցելութիւն մըն էր, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց ֆրանսացի դիւանագէտը եւ տեղեկութիւններ տուաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, գործունէութեան եւ առաքելութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր դրուածքին մասին։
Զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գիրք մըն ալ նուիրեց Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսին։
Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025