ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ՏԻԳՐԻՍ ԹԱՇՔԸՐԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ երիտասարդ կրթական մշակ Տիգրիս Թաշքըրանը, որու անժամանակ կորուստը խոր ցնցում պատճառած էր համայնքային շրջանակներուն։ Մահուան քառասնից լրման առթիւ Տիգրիս Թաշքըրանի բարոյական ներկայութեան շուրջ համախմբուեցան պոլսահայ կրթական համակարգէն բազում դէմքեր եւ ընտանեկան պարագաները, որոնց վէրքը, բնականաբար, տակաւին չէ սպիացած։ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ձեռամբ մատուցուած պատարագէն վերջ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ հոգելոյս եւ բարեյիշատակ Տիգրիս Թաշքըրանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ Պատրիարք» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Անշուշտ, հոգեճաշի մը բնոյթը ունէր այս մէկը։ Պատարագիչ տէր հայրը օրհնեց նաեւ սեղանը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Լուսահոգի Տիգրիս Թաշքըրանի յիշատակին շուրջ արտայայտուեցան Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեան, փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Այս ճաշասեղանը պատրաստուած էր ողբացեալ Տիգրիս Թաշքըրանի ընկերներուն կողմէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 6, 2026