«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ԳԻՐՔԸ
«Արաս» հրատարակչութիւնը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ ապահովելով, որ գրասէրները նորանոր հետաքրքրական գործեր ունենան իրենց տրամադրութեան տակ։ Այսպէս, վերջերս «Արաս»էն լոյս տեսած է «Գեղագիտական ազգայնականութիւն» գիրքը, որու հեղինակն է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Մարկ Նշանեան։ Գործը մաս կը կազմէ «ԿԱՄ» մատենաշարին։ Ստուգող խմբագիրը եղած է Թագուհի Սուսլիեան։ Կողքի ձեւաւորումը եւ էջադրութիւնը կատարուած են Վահագն Քէշիշեանի կողմէ։
Մարկ Նշանեան հիմնական երկու առանցքի շուրջ մատուցած է նիւթը. առաջին՝ ազգային բանասիրութեան սկզբնաւորութիւնը եւ երկրորդ՝ կրօնք ու բանասիրութիւն։ Այս երկու հիմնական բաժիններուն վրայ եկած է աւելնալ նաեւ յաւելուած մը։
Հետաքրքիրներ վստահաբար մէկ շունչով կարդան այս գիրքը, ուր հեղինակը խորհրդածութիւններուն մէջ անկրկնելի վարպետութեամբ զուգահեռականներ մատնանշած է՝ արեւմտեան փիլիսոփայութեան հեղինակութիւններու մօտեցումներուն եւ նիւթի հայկական ծալքերուն առումով։