ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԱՆՑԵԱԼԻ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Ռումելիհիսարի վրայ։ Այժմ թէեւ հայ բնակչութենէ նօսրացած, սակայն, պատմական աւանդութիւններով հարուստ այս թաղը կարեւոր ձեռքբերում մը ունեցած է՝ ատենապետ Օշին Փոլատի գլխաւորած թաղային խորհուրդի ջանքերով։ Խօսքը կը վերաբերի ծրագրի մը, որ անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին կարեւոր նախաձեռնութեան մը վերածուած է։ Այսպէս, թաղի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ յարակից երբեմնի Թադէոսեան վարժարանը վերածուած է մշակոյթի կեդրոնի՝ ի հիմանէ վերանորոգուած ըլլալով։ Այժմ, այս մէկը յատկանշական ենթակառուցուածքի մը վերածուելու հեռանկարը ունի։ Ռումելիհիսարի բարձունքին, Վոսփորի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ համայնքը տիրացած է մշակոյթի կեդրոնի մը, որ կրնայ զանազան նպատակներու ծառայել։ Եթէ հաշուի առնենք, որ երբեմնի համայնքային վարժարաններու բազմաթիւ շէնքեր այսօր անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուին, անկապակից նպատակներու կը ծառայեն, ապա Ռումելիհիսարի պարագային կը բիւրեղանայ բոլորովին տարբեր տեսլական մը։ Արդարեւ, թէեւ երբեմնի վարժարանի մը շէնքը միշտ կրնայ յուզումնախառն սպասումներու դուռ բանալ, սակայն, այստեղ ողջունելի է նոր ժամանակներու կարիքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ գործելու մղումը։ Ռումելիհիսարի երբեմնի վարժարանը այսօր մշակոյթի կեդրոնի վերածուած է՝ միշտ պահելով իր բուն անունը։ Այս համալիրը ունի բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի կարողանայ վերածուիլ նաեւ մարդուժի պատրաստութեան միջավայրի մը, անշուշտ, եթէ վարչական անհրաժեշտ կազմակերպչական գործին մէջ թերացումներ չըլլան։
Վերանորոգեալ շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու հանդիսապետութեամբ առաջին հերթին երեկոյեան ժամերգութիւն մը տեղի ունեցաւ Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Արարողութենէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շրջայցի հրաւիրուեցաւ բարեզարդեալ շէնքէն ներս։ Օշին Փոլատ եւ գործակից ընկերները տեղեկութիւններ փոխանցեցին տարուած ծաւալուն աշխատանքին եւ արդիւնքին խոստացած հեռանկարներուն շուրջ։
Խորհրդանշական վերաբացումէն վերջ սարքուեցաւ ընթրիքի սեղան, զոր օրհնեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, համայնքային վարիչներ, ծանօթ ազգայիններ, նախկին թաղեցիներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Թաղային խորհուրդը բոլորը հիւրընկալեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի թաղայի խորհուրդը առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէրներ յանձնէ բոլոր անոնց, որոնք այս կարեւոր նախաձեռնութեան բերած են իրենց նպաստը։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ Սելին Պալճըի հանդիսավարութեամբ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ մեներգեցին Մարալ Այվազ, Լիզա Կիւլպէնկօղլու եւ Սէրճան Կազէրօղլու։ Սրտի խօսքերու ընդմէջէն բիւրեղեցան այս ձեռքբերումի ապահովման ճանապարհին ի գործ դրուած եռանդն ու անխնայ զոհողութիւնները։
Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց Ռումելիհիսարի մէջ ծաւալուած գործունէութիւնը, անցեալի աւանդութիւններու մերօրեայ ոստումներու համար գործօնի վերածման մտայնութեամբ։ Երեկոյթը աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ։