ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանը այս շրջանին կը նշուի հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ՝ առաջնահերթ տեղ գտնելով թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք փութացած էին ողջունել հաստատութեան յոբելեանը։ Ուսուցչաց հիմնարկը այն հաստատութիւններէն է, որու գործունէութեան արդիւնքները յաճախ կշիռքի վրայ կը դրուին, թէեւ անոր վերաբերեալ գնահատականները միանշանակ չեն ըլլար, սակայն, այս բոլորը վերջին հաշուով ցոյց կու տայ, որ անոր վրայ մեծ յոյսեր դրուած են։
Ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, համայնքային շրջանակներէ ծանօթ դէմքեր, պոլսահայ կրթական համակարգէն ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, զանազան սերունդներէ կրթական մշակներ, համակիրներ եւ հիւրեր։
Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Մարիամ Տրամէրեանի, որ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան անունով ողջունեց բոլորը։ Երեկոյթի բուն ատենախօսն էր Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան վերաբերեալ իր խորհրդածութիւնները բոլորին կողմէ հետաքրքրութեամբ լսուեցան՝ մանաւանդ, որ տասնամեակներու ծով փորձառութեամբ Սիլվա Գույումճեան կը համարուի պոլսահայ կրթական համակարգի սիւներէն եւ առանցքային դերակատարներէն։
Արտայայտուելու հրաւիրուեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։
Երեկոյթի մասնակիցներուն տեսակէտէ հետաքրքրական էր նաեւ՝ յոբելեար կառոյցի վերաբերեալ ցուցադրուած տեսանիւթը, որ պատրաստուած էր Սեւան Աթաօղլուի ջանքերով։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ տեղ գտան երաժշտական հաճելի կատարումներ։ Մեներգիչներ՝ Արի Էտիրնէ եւ Արթիւր Պաղտասարեան իսկապէս հրապուրեցին ներկաները՝ Էտվին Կալիպօղլուի նուագակցութեամբ։ Ի շարունակութիւն այս փորձառու անուններուն՝ երիտասարդ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի նուագներն ալ արժանացան ծափահարութիւններու։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնի թագն ու պսակը եղան Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքները։ Իրեն համար հնչած որոտընդոստ ծափահարութիւններուն մէջ բաժին կար նաեւ երեսունեօթ տարիէ ի վեր Ուսուցչաց հիմնարկին ի նպաստ մատուցուած նուիրեալ ծառայութեան համար՝ որպէս վարչային եւ մանկական հրատարակութիւններու սրբագրիչ։
Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին շարք մը կրթական մշակներ ստացան յուշանուէրներ։ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը յարմար դատած էր անոնց պարգեւատրումը՝ հաշուի առնելով մանաւանդ նոր սերունդի տեսակէտէ հրապուրիչ ձեւով զանազան առարկաներ մատուցելու ուղղեալ ջանքերուն եւ պատրաստուած գիրքերուն համար։
Յայտագրի եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութիւնը հուսկ բանքին մէջ յարգանքով վերյիշեց Ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադիրները՝ վերարժեւորելով անոնց տեսլականը։ Ան կառոյցի այժմու առաքելութեան եւ գործունէութեան շուրջ խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ մեկնաբանելով թրքահայ իրականութենէն ներս բոլոր ոլորտներու պարագային մարդուժի պատրաստութեան ճանապարհին առկայ դժուարութիւններն ու անկազմակերպ վիճակը։ Այս ամբողջին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ նոր սերունդէ կրթական մշակներու պատրաստութեան խրախուսման անհրաժեշտութեան վրայ։ Հուսկ, ան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին մաղթեց բարի երթ եւ նոր ձեռքբերումներ, իսկ վարչայիններուն՝ կամք ու կորով։
Միւս կողմէ, ընդունելութեան ընթացքին հատուեցաւ նաեւ 60-ամեակի կարկանդակը։