ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երէկ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան աւետիսը բոլորը համախմբեց՝ առիթ դառնալով անկեղծ ապրումներու։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։ Մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ալ տօնակատարութիւնները անցան ոգեւոր պայմաններու ներքեւ։

Յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային աւանդական ընդունելութիւնը։ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց համայնքային շրջանակներու շնորհաւորութիւնները՝ իր կողքին ունենալով Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանն ու պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը հաւաքոյթի ընթացքին ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեց բոլոր ներկաներուն։ Ընդունելութեան ընթացքին ներկաները բաժակ բարձրացուցին՝ տարեմուտի անկեղծ բարեմաղթութիւններով։

Նորին Ամենապատուութիւնը ամփոփ խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ անդրադառնալով թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան հարցերուն։ 

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր խօսքի աւարտին համայնքէն այլ դէմքեր ալ ելոյթ ունեցան՝ անդրադառնալով զանազան հարցերու։ Հուսկ, ներկաները աջահամբոյրի համար մի առ մի մօտեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, տաղաւարի օրով ստացան իր օրհնութիւնը, նաեւ խորհրդանշական օրհնուած նուռեր։

Չորեքշաբթի, Յունուար 7, 2026