Շաբաթ 7, Փետրուար 2026
ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԽՈՒՄԲԸ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ վերջերս «TED Atakent» վարժարանէն ներս կազմակերպուած մտախաղերու մասնակցելով՝ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն մը: Միջվարժարանային ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու արդիւնքին Մէրամէթճեան վարժարանը երեսուներկու խումբերու շարքին զբաղեցուց երրորդ հորիզոնականը: Մտախաղերու մասնակից խումբին մէջ էին՝ Ռալֆ Պուրակ Թիրյաքի, Արէս Մուսայիլօղլու, Լուսին Չաղլը եւ Ալին Աթաքէր:
Անհատական դասաւորման մէջ ալ, 95 մասնակիցներու շարքին Ռալֆ Պուրակ Թիրյաքին հանդիսացաւ երրորդ:
Մէրամէթճեան վարժարանի մտախաղերու մասնակից խումբը վերահսկեցին՝ ուսուցչուհիներ Այլին Ավաճեան եւ Սելին Տեմիրճի:
Շաբաթ, Փետրուար 7, 2026