ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայեց նոր գիրք մը, որու շնորհանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ մէջ։

Անթիլիասի միաբաններէն Տ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեանի կողմէ հեղինակուած «Աստուածաշունչի պատգամը մերօրեայ մարդուն» գիրքը թրքերէնի թարգմանուած է երէցկին Սանտրա Օհանեանի կողմէ։ Այս թարգմանութիւնն է, որ հրատարակուած է Պատրիարքարանի կողմէ՝ վերահսկողութեամբ Հրատարակչական բաժնի տեսուչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, հրատարակութեան պատրաստած է գործը։ Գիրքի մեկենասն է Ժանէթ Շիրինօղլու՝ ի յիշատակ իր ծնողաց՝ հոգելոյս Ճեմիլ եւ Աննա Թոփլայըճըներու։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ներկայութեամբ, երէկ երեկոյեան, սիրոյ սեղանի մը ձեւաչափին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Ըստ աւանդութեան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գիրքի օրինակներէն մէկուն վրայ թափեց կարմիր գինի։ Ծանօթացման հաւաքոյթի տեւողութեան հնչեցին զանազան ելոյթներ։ Հուսկ, ձեռնարկը աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան խօսքով։

Շաբաթ, Փետրուար 7, 2026