ԱՅԳՈՒՆ ՊՈՒՏԱՔԻ ԴԻՊՈՒԿ ԿԱՐՃԱԺԱՄԿԷՏԸ. ԽՏԱՑԵԱԼ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ՝ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Այգուն Պուտաք պատրաստած է կարճաժամկէտ ժապաւէն մը, որ կը կոչուի «Balık Pazarı’nda Bir Ev»: Այգուն Պուտաքի այս գործը իսկապէս եզակի է: Թէ՛ արծարծուած նիւթի հետաքրքրութեան եւ թէ անոր զուգորդուած խորհրդաւոր երաժըշէտութեան համադրութիւնը ունեցած է սքանչելի արդիւնք մը: Գործը, ըստ էութեան, Բերայի մէջ յետադարձ հայեացքով ուղեւորութեան մը դուռը կը բանայ բոլոր անոնց համար, որոնք կը հետեւին շուրջ տասը վայրկեանոց այս կարճաժամկէտ ֆիլմին:
Թէեւ ֆիլմը կարճաժամկէտ է, սակայն, բառին բուն իմաստով զգացումներու խտութեան մէջ ապրումներու տարափի մը դուռ կը բանայ: Արդարեւ, Այգուն Պուտաք խորքին մէջ կը պատմէ իր մօրը՝ Թալին Փափազեան-Պուտաքի կեանքի պատմութիւնը: Գործի ողնայարը կը կազմէ Թալին Փափազեան-Պուտաքի հետ կատարուած հարցազրոյցը:
«Balık Pazarı’nda Bir Ev» ֆիլմը յետադարձ հայեացք մը կ՚ուղղէ դէպի 1960-ական թուականներու Պէյօղլուն: Այգուն Պուտաք մեկնակէտ ունեցած է իր մօրը ծնողներուն՝ Սիլվա եւ Յովհաննէս Փափազեան լուսահոգի ամոլի սուրբ պսակի խորհրդակատարութիւնը: Պէյօղլուի Նեւիզատէ փողոցին մէջ բնակարան մը կը կազմէ Այգուն Պուտաքի մատուցած պատմութեան առանցքը: Սիլվա եւ Յովհաննէս Փափազեաններու հաստատուած այդ բնակարանին մէջ կ՚ապրէին նաեւ երէցներ: Թալին Փափազեան-Պուտաք թէ՛ իր ծնողներուն եւ թէ ընտանիքի՝ աւելի երէց միւս անդամներուն վերաբերեալ կը փոխանցէ վկայութիւններ: Յամենայնդէպս, այդ վկայութիւնները զուտ ընտանեկան ապրումներու նշանակութիւն չունին, այլեւ տուեալ ժամանակաշրջանի վերաբերեալ կարեւոր վկայութիւններ կը հանդիսանան: Թալին Փափազեան-Պուտաք երիտասարդութեան շջանին աշակերտած է նախ Էսաեան վարժարան, աւելի վերջ յաճախած է Հարպիյէի «Նոթրը տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէն:
Այդ տարիներու վերաբերեալ դիպուկ բանաձեւումները չեն սահմանափակուիր միայն Թալին Փափազեան-Պուտաքի արտայայտութիւններով եւ Այգուն Պուտաքի մատուցման վարպետութեամբ: Արդարեւ, շուրջ հինգ տասնամեակ անց, Թալին Փափազեան-Պուտաք վերադարձած է Պէյօղլուի Նեւիզատէ փողոցի այն բնակարանը, ուր ծնած էր եւ անցուցած՝ իր երիտասարդութեան տարիները: Այսօր վաղուց ճաշարան-զբօսարանի մը վերածուած այդ բնակարանին մէջ Թալին Փափազեան-Պուտաք շրջայց մը կը կատարէ՝ իւրաքանչիւր քայլափոխին նոր շունչ ու կենսունակութիւն տալով անցեալի յուշերուն: Ան տեղւոյն վրայ կը բացատրէ մանրամասնութիւնները, որոնք իր բերնէն շատ աւելի տարբեր իմաստ եւ նշանակութիւն կը ստանան:
Այգուն Պուտաքի կողմէ պատրաստուած այս գործը բանաւոր պատմութեան տեսակէտէ իսկապէս եզակի եւ արժէքաւոր օրինակ մըն է: «Balık Pazarı’nda Bir Ev» կարճաժամկէտ ֆիլմը հասանելի է առցանց հարթակներու վրայ:
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Այգուն Պուտաքը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ: