ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու պոլսահայ կրթական համակարգէն երեք արժէքաւոր ներկայացուցիչ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Ալթըփարմաք Տեմիր, Էսաեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհիներէն Սիպիլ Աւագօղլու եւ եւ երիտասարդ կրթական մշակներէն Դալար Նալճը։ Այս առթիւ հիւրերը մեզի ներկայացուցին շարք մը կարեւոր նոր գիրքեր, որոնց վերջին շրջանին լոյս ընծայած է Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը։

Իրենց հետ շփումը առանձնապէս հետաքրքրական էր, որովհետեւ անոնք, իրենք իսկ հեղինակած էին այն գործերը, որոնք մեզի ներկայացուցին երէկուան այցելութեան ժամանակ։

Զրոյցի ընդմէջէն բիւրեղացաւ, որ նոր սերունդէ կրթական մշակները կը ձգտին նոր հայեացքով պատրաստուած գիրքերով եւ այլ արդի առարկաներով հասնիլ աշակերտներուն։ Անոնց այս ձգտումը, բնականաբար, շատ ողջունելի է եւ գնահատելի։ Հետեւաբար, երէկ մեզի ներկայացուած գիրքերուն ու խաղերուն նշանակութիւնը շատ աւելին է՝ քան պարզ գիրք կամ խաղ մը ըլլալէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2025