ՈՉ ԵՒՍ Է ՍՕՆԱ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝ Սօնա Սարուխանեան։

Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուց ինչպէս իր ընտանիքէն, այնպէս ալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Պոլսահայ համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած, յարգուած եւ համատարած համակրանքի արժանացած  դէմքերէն մին էր հանգուցեալը, որ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը բռնեց խոր ծերութեան մէջ։ Թէեւ Սօնա Սարուխանեանի մահը անժամանակ վրայ չէ հասած, սակայն, նկատի ունենալով անոր մարմնաւորած կերպարը՝ այսօր բոլորը կը սգան իր հրաժեշտը, ինչ որ մեծ յուզումի դուռ բացած է։

Սօնա Սարուխանեան ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Դուստրն էր արմատներով Վանէն ընտանիքի մը։ Իր ծննդավայրին՝ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ ստացած էր իր կրթութիւնը։ Աւելի վերջ, իր սերնդակիցներուն բնորոշ ձեւով՝ յաճախած էր զանազան դասընթացքներու՝ մանաւանդ հետեւած էր կարի աշխատանոցներու եւ սորված էր ֆրանսերէն։ Սօնա Սարուխանեան ամուսնացած էր հոգելոյս Ռուբէն Սարուխանեանի հետ, որու յիշատակը թարմ կը մնայ պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ՝ մանաւանդ, որ եղած էր հրապարակի վրայ բարի համբաւի արժանացած առեւտրական մը։ Ռուբէն եւ Սօնա Սարուխանեան ամոլը բախտաւորուած էր երկու որդիով։ Սօնա Սարուխանեան կեանքի ողջ տեւողութեան մայրական հովանին եւ հոգածութիւնը անխնայօրէն տարածած էր իր ընտանիքին վրայ։ Բազմազաւակ ընտանիքի մը դուստրն էր եւ այդ միջավայրէն ինչ որ աւանդած էր, կեանքի ողջ տեւողութեան ներդրած էր իր ընտանիքին համար։ Յառաջացած տարիքին արդէն բախտաւորութիւնը ունեցած էր թոռնիկները տեսնելու։ Ընտանեկան կեանքէ ներս զոհողութեան կերպար մըն էր Սօնա Սարուխանեան, որ իր ընկերային շրջանակէն ներս ալ բոլորին կողմէ մեծ սիրոյ եւ համակրանքի առարկայ դարձած էր։ 

Սօնա Սարուխանեան թէեւ մտաւորական մը չէր, սակայն, մեր համայնքի գիտակից կեանք ապրած ներկայացուցիչներէն մին էր, իր ժամանակը ուշադրիր դիտարկած եւ հետեւութիւններ ըրած անձնաւորութիւն մըն էր, ինչ որ յարիր էր իր նկարագրին։ Այս բոլորի հիման վրայ ան իր յուշերը գրի առած էր եւ հրատարակած՝ գիրքի մը ձեւաչափով։ Այդ յիշողութեան փոխանցման նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութիւնը ինքնին ապացոյց մըն էր, թէ ան ինչպիսի կեանք մը ապրած էր եւ իր ժամանակը իր տեսանկիւնէն վաւերագրելով ուզած էր մշտական արժէքի մը ձեւով իր իւրացուցած կենցաղը, իր ապրումները փոխանցել յաջորդներուն։ Յառաջացած տարիքի պայմաններով Սօնա Սարուխանեանի առողջութիւնը վերջին տարիներուն կ՚արձանագրէր վերիվայրումներ։ Երկար ժամանակէ ի վեր ան մշտապէս անկողնոյ կը ծառայէր։ Մասնագէտներու ուշադրութիւնը եւ հարազատներուն խնամքը դժբախտաբար բաւարար չեղան իր կեանքի ոդիսականը տակաւին ձգելու եւ ան երէկ առաւօտ հոգին աւանդեց իր բնակարանին մէջ՝ առաւօտուն չարթննալով իր քունէն։ 

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Սօնա Սարուխանեանի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք զաւակներուն՝ Յարութիւն-Մարի Սարուխանեան եւ Արմէն-Սունա Սարուխանեան ամոլներուն, թոռներուն՝ Արթուն Սարուխանեանին եւ Արփի Սարուխանեանին, քրոջ՝ Ալիս Սահակեանին եւ համայն պարագաներուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025