Երկուշաբթի 9, Փետրուար 2026
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ՈԳԵՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ
Պէզճեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական պարերու երեկոյթ մը։ «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին մասնակիցները համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ։ Երեկոյթի տեւողութեան ժողովրդական պարերով գործադրուեցաւ յայտագիրը՝ բացառիկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Վերջին շաբաթներուն պարուսոյց Յակոբ Արի Կիւլէչի մականին ներքեւ մարզուած պարողները հաւաքոյթի ընթացքին գործադրեցին այն ինչ, որ սորված էին այդ դասընթացքներուն ժամանակ։ Շուրջպարերը վերածուեցան միասնականութեան եւ մշակութային արժէքներու կենսունակութեան տօնախմբութեան մը։
Երկուշաբթի, Փետրուար 9, 2026