ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը շաբաթավերջին ճատրակի մրցաշարք մը կազմակերպեց՝ ի յիշատակ հոգելոյս Նազար Հանչէրի, որ ակումբի անմոռանալի երախտաւորներու շարքին կը դասուի։ Նազար Հանչէր «Մարմնամարզի դեսպան»ի կոչումին արժանացած էր իր կենդանութեան՝ Շիշլիի ընտանիքին կողմէ։ Իր կորուստէն վերջ ան միշտ կը յիշուի եւ զինքը ոգեկոչելու համար կազմակերպուած մրցաշարքերն ալ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն այս ամբողջին մէջ։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուեցաւ շաբաթավերջի մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ «Նարեկեան» սրահին մէջ։ Յիսուն մարզիկ մասնակցութիւն բերաւ մրցաշարքին, որուն հետեւեցան նաեւ հանգուցեալի այրին՝ Էլմոն Հանչէր եւ հարազատները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Թուրքիոյ ճատրակի դաշնակցութեան իրաւարարներէն Արաս Դարբինեանի վերահսկողութեան տակ տեղի ունեցան խաղերը՝ փոքրերու, աստղերու եւ ամենափոքրերու դասաւորումներուն մէջ։ Շիշլի մարզակումբի վարչայիններն ալ ներկայ էին մրցաշարքին եւ անոնց վերահսկողութեան ներքեւ ամէն ինչ ընթացաւ պատշաճութեան սահմաններու մէջ։
Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին թէ՛ յանձնուեցան դափնեկիրներու պարգեւները եւ թէ Նազար Հանչէրը վերյիշուեցաւ իր երեք սէրերով՝ մարմնամարզը, երեխան եւ Շիշլի մարզակումբը։