ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուն էր եկեղեցին, ուր կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Օրուան պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, ինչպէս նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Քըրի։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Վարժարանի ուսուցչական կազմն ու աշակերտներն ալ հետեւեցան արարողութեան եւ ունկնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան քարոզին։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան ալ նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Վարժարանի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները եւ իրենց գործակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Դալար Հորոզօղլու հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ անդրադառնալով դպրոցի կացութեան եւ կարիքներուն։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանեց հուսկ բանքը, որու ընթացքին տեղեկացուց, թէ դպրոցին համար հանգանակուած է շուրջ 5 միլիոն թրքական լիրա, ինչ որ պիւտճէի բացը ամբողջութեամբ հաւասարակշռելու տեսակէտէ անբաւարար է։ Հուսկ բանքէն վերջ միաբերան երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը եւ բոլորը հրաժեշտ առին՝ հերթական անգամ արտայայտելով իրենց զօրակցութիւնն ու համակրանքը Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 9, 2026