ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԹԱԼԻՆ ՉՈՐԹԱՆ-ԿԱՐԻՊԿԻՒՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Շաբաթավերջին, համայնքային շրջանակները ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի, որու անժամանակ մահը իսկապէս ցնցում յառաջացուց պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս: Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ ուսուցչուհինն փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան եւ Տ. Արամ արք. Աթէշեան:
Նորոգ հանգուցեալ Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի բարոյական ներկայութեան առջեւ իրենց վերջին պարտականութիւնը կատարելու փութացած էին հոծ թիւով յուղարկաւորներ, որոնք դագաղին շուրջ համախմբուեցան տամուկ աչքերով, խոնարհումով եւ աղօթքով: Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ զետեղուած էր դագաղը, որուն վրայ կային թարմ ծաղիկներ եւ որուն շուրջը՝ կերոնակիրներ: Պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն ալ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ մասնակցութիւն բերին արարողութեան: Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն աւ. քահանայ Պճաքչեան կուռ դամբանական մը խօսեցաւ՝ վեր առնելով լուսահոգի Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի ծառայութիւնները եւ համայնքէն ներս վայելած համակրանքն ու սէրը:
Թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, թէ՛ Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ թէ բոլոր յուղարկաւորները արարողութեան աւարտին խորազգած վշտակցութիւններ յայտնեցին Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի ամուսնոյն՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետներէն տքթ. Ժիրայր Կարիպկիւնի եւ զաւակներուն, որոնք խոր սուգի մատնուած են:
Հանգուցեալ Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի անշունչ մարմինը հողին յանձնուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ: