ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ 14-ՐԴ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ ՓԱՅԼՈԻՆ ԱՆՑԱՆ

Գարակէօզեան տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մտախաղերը շաբաթավերջին համայնքային կեանքէ ներս արժանացան անմիջական ուշադրութեան: Միջմիութենական այս ձեռնարկը 14-րդն էր իր նմաններու շարքին: Միջնակարգերու մակարդակով կազմակերպուած մտախաղերուն իւրաքանչիւր համայնքային վարժարանէ երեքական ներկայացուցիչ մասնակցութիւն բերաւ: Ընդհանուր առմամբ 39 աշակերտի մասնակցութեամբ տեղի ունեցան խաղերը, որոնց հարցումները պատրաստուած էին Թուրք ուղեղի խումբին կողմէ: Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ ստանձնած էր ձեռնարկի ընդհանուր վերահսկողութեան պատասխանատուութիւնը:

Հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլուի ողջոյնի խօսքով սկսաւ ձեռնարկը, որու ծրագիրը երկու փուլէ բաղկացած էր: Առաջինը՝ անհատական փուլն էր, իսկ երկրորդը՝ խմբայինը: Մեր վարժարաններու տղաքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ չափեցին իրենց գիտելիքները: Խմբային դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Էսաեան վարժարանը, որուն յաջորդեցին Գալֆաեանն ու Գարակէօզեանը: 

Անհատական դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Գարակէօզեան վարժարանէն Մելիք Եկէնեան, որուն յաջորդեցին Պէզճեան Մայր վարժարանէն Մաթայ Պարան, Էսաեան վարժարանէն Միրանտա Աչըքպաշ եւ Ֆէրիգիւղի վարժարանէն Ռալֆ Պուրաք Թիրյաքի, որոնք հասարապէս երրորդ հորիզոնականը բաժնած էին:

Մրցոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ եզրափակիչ հանդիսութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն: Դափնեկիրները ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ ստացան իրենց նուէրները եւ պարգեւները: Այս փուլին ալ շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու, որ ուրախութիւն յայտնեց տարի մը եւս այս մտախաղերու աւանդոյթին շարունակութիւն տալու հնարաւորութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակից խումբերուն, շնորհաւորեց դափնեկիրները եւ ընդգծեց՝ Թուրք ուղեղի խումբին կողմէ ցուցաբերուած համագործակցութեան նշանակութիւնը:

Եզրափակիչ փուլին յաջորդեց ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ կարկանդակ մը, որ բոլորը համտեսեցին բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ: Ներկայ էին նաեւ Գարակէօզեան տան հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Գարուն Գովան, խնամակալութենէն անդամներ եւ Գարակէօզեանի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ:

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026