ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Իսլամական աշխարհի ծոմապահութեան շրջանը՝ Ռամազանը վերջին տարիներուն միշտ առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդները մէկտեղուին պետական աւագանիէ դէմքերու, բարձրաստիճան դիւանակալներու եւ ազդու հասարակական գործիչներու հետ: Այս նախընթացը ձեւաւորուած է թէ՛ փոքրամասնութիւններու ընդհանուրի պարագային եւ թէ առանձին փոքրամասնական համայնքներու համար: Այս ծիրին մէջ, վերջին տարիներուն ստեղծուած շղթային վրայ շաբաթավերջին աւելցաւ հերթական օղակը: Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ, շաբաթ երեկոյեան, ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ ընթրիքի սեղան մը, որու պատուոյ հիւրերն էին արդիւնաբերութեան եւ թեքնոբանութեան նախարար Մեհմէտ Ֆաթիհ Քաճըր, Իսթանպուլի երեսփոխան Սիւլէյման Սոյլու եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան: 

Հաւաքոյթը անցաւ բարձր տրամադրութեան մթնոլորտի մը մէջ: Բոլորը համամիտ էին, թէ սա եղբայրութեան սեղան մըն էր, որու շուրջ համախմբուածները բաժնեցին իրարու նկատմամբ բարեացակամութիւն եւ երկրի ապագային եւ համակեցութեան նկատմամբ հաւատք թարմացնելու հնարաւորութիւն ունեցան: Շուրջ 250 հոգի մասնակցեցաւ իֆթարի սեղանին, որուն ներկայ գտնուեցան համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր:

Ամեն. Ս. Պատրաիարք Հայրը, Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան եւ այլ բազմաթիւ դէմքեր տեղ գրաւած էին պատուոյ սեղանին շուրջ, ուր տեղ յատկացուեցաւ նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանին: Իֆթարի սեղանը, միեւնոյն ժամանակ, մեծարանքի հաւաքոյթի մը բնոյթը ստացաւ՝ մանաւանդ, որ մեր համայնքէն շարք մը դէմքեր, որոնք արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալեն, ստացան յուշանուէրներ:

Իֆթարի երեկոյթը սկսաւ մահմետական հիւրերու համար արտասանուած աղօթքով եւ Քուրանէն կատարուած մէջբերումներով: Հանդիսութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ժպիտ Քալայճըի, որ բացման փուլին ողջունեց բոլորը: Ձեռնարկի տեւողութեան սրտի խօսքեր արտասանեցին նախարար Մեհմէտ Ֆաթիհ Քաճըր, երեսփոխան Սիւլէյման Սոյլու, երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը: Սեւան Սվաճըօղլու, որ այս հանդիսութեան բուն հիւրընկալն էր, իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն հազար կալուածի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած է ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն: Հարկ է նշել, որ Սեւան Սվաճըօղլու այս իֆթարի սեղանը կազմակերպած էր՝ համագործակցելով Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն հետ: Այսպէս, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը հոգացած էր ծախսերը, իսկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը արդէն տրամադրած էր սրահը: Այսպէսով բոլոր պատշաճութիւններուն տեսակէտէ յարմար միջավայրի մը մէջ ընթացաւ ամէն ինչ:

Մինչ նախարար Քաճըր այս հաւաքոյթը եղբայրութեան սեղան որակեց, ընթրիքը արտասովոր իմաստ մը ստացաւ՝ մեր համայնքի կարգ մը յայտնի գործարարներուն յանձնուած յուշանուէրներով: Անոնք թէ՛ երկրի արդիւնաբերութեան իրենց նպաստը բերած եւ թէ մեր համայնքէն ներս՝ որպէս բարերար գնահատանքի արժանացած անձնաւորութիւններ էին. օրինակ՝ Արէտ Երկանեան, Հայկ Ասլանեան, Իրմա Փոլատ եւ Աւետիս Փոլատ:

Իֆթարի սեղաններու շուրջ համախմբուած դէմքերու շարքին էին՝ Ազգային մեծ ժողովի Արդարադատութեան յանձնաժողովի նախագահ Շամիլ Այրըմ (Իսթանպուլի երեսփոխան), Շիշլիի գաւառապետ Ճեւտէթ Էրթիւրքմէն, Պէյօղլուի գաւառապետ Ապտուլլահ Աթաքան Աթասոյ, Իսթանպուլի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր եւ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի նախագահ Սերքան Փոլատ: 

Հրաժեշտի փուլին բոլորը ուրախութիւն յայտնեցին նման անկեղծ մթնոլորտ մը շնչած ըլլալու բերումով: Միեւնոյն ժամանակ, բոլորի հասարակաց մաղթանքն էր, որ աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւն, Թուրքիոյ ներքին միասնականութիւնը միշտ ամրապնդուի եւ մօտալուտ Ռամազանի տօնը բարեբեր ըլլայ համայն մեր երկրին համար: Ի լրումն այս բոլորին, երեկոյթին ներկայ էին նաեւ RUMVADER-ի ատենապետ Եորկօ Փափալիարիս եւ ընկերակիցները:

        

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026