ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր կ՚ողջունէ 90-ամեակը իր երիցագոյններէն Վռամշապուհ Մանուկեանի, որ թոռն է թերթիս հիմնադիրներէն հանգուցեալ Սարգիս Գօչունեանի։ Այս տարեդարձը բարձր տրամադրութեամբ կը համակէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը, որ ուրախակից է Վռամշապուհ Մանուկեանին։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, թրքահայ երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին է, որ կը վայելէ յարգանք ու համակրանք։
Վռամշապուհ Մանուկեան աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը, արհեստավարժ կեանքի մէջ զբաղած է գործարարութեամբ։ Իր կողակցին՝ Հերանոյշ Մանուկեանի հետ կազմած է երջանիկ բոյն մը՝ բախտաւորուելով երկու որդիով։ Վռամշապուհ Մանուկեան հայրն է յայտնի վիրահատ փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանի եւ տնտեսաելմտական ծանօթ վերլուծաբան Շանթ Մանուկեանի։ Այժմ կոչուած է հանգստեան, շրջապատուած է իր հարազատներուն կողմէ։
Այս առթիւ արեւշատութիւն եւ բազում առողջ տարիներ կը մաղթենք Վռամշապուհ Մանուկեանին, որու 90-ամեայ յոբելեանը պատեհ առիթ կը համարենք ոգեկոչելու համար նաեւ իր երջանկայիշատակ ծնողքը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիրներէն Սարգիս Գօչունեանի դուրստրը՝ Սիրարփի Գօչունեանն ու Մանուկ Մանուկեանը։