ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վերջին օրերուն Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ հիւրընկալուեցան կրթադաստիարակչական հարցերու խորհրդատուներ՝ Մերի Տեւեճեան եւ Սելին Էօզքան։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի գլխաւորութեամբ, անոնք ուսուցչական կազմին հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան՝ զանազան հարցերու շուրջ։ Ներկայ էր նաեւ Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետը։

Միւս կողմէ, դպրոցէն ներս մասնաւոր ծրագրով մը նշուեցաւ՝ Անասուններու պաշտպանութեան համաշխարհային օրը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2025