ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՐԼԸԳԱԲՈԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ թաղականները Պատրիարքարան փութացած էին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու։ Անոնք Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին իրենց գործունէութեան ամենաթարմ ծալքերուն մասին տեղեկութիւններ։

Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատեց իրեն ներկայացուած տեղեկութիւնները, օրհնեց թաղային խորհուրդի աշխատանքը եւ կարողութեան մաղթանքներ յղեց՝ Նարլըգաբուի եկեղեցին կենսունակ պահելու ուղղեալ աշխատութեանց համար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2025