ՎԵՐԻՆ ԼԱՐՍԸ ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ
Բեռնափոխադրումներու հարցին շուրջ վերջին օրերուն Հայաստան կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Արդարեւ, բնակլիմայական պայմաններու բերումով Վերին Լարսի անցակէտը դարձած է անգործածելի։ Այդ անցակէտը կը միացնէ Ռուսաստանն ու Վրաստանը եւ յարմարագոյն ուղղութիւններէն մին կը համարուի դէպի Հայաստան կամ Հայաստանէ դուրս կայուն բեռնափոխադրումներ իրականացնելու համար։ Ծանօթ է, որ Հայաստանի արտաքին առեւտուրին մեծագոյն բաժինը Ռուսաստանի հետ է, իսկ այդ երկրին Հայաստան կը կապուի Վրաստանի միջոցաւ։ Վերին Լարսի անցակէտը առանցքային մաքս մըն է այս իմաստով։
Բնակլիմայական պայմանները պատճառ դարձած են, որ այդ անցակէտը վերջին օրերուն ըլլայ կաթուածահար։ Բեռնատարները երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասեն ճանապարհի։ Վերին Լարսի մօտակայքին քիլօմեթրերու երկարութեամբ հսկայ բեռնատարներու հերթ մը գոյացած է։ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ միջամտել այս կացութեան։ Ցարդ չորս թռիչքներ կազմակերպուած են, որպէսզի ճամբորդները այդ շրջանէն տարուին Հայաստան։ Անհատ ուղեւորներու պարագային թէեւ գտնուած է այս միջանկեալ լուծումը, սակայն բեռնատարներու խնդիրները տակաւին կը մնան անլոյծ։ Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան երէկ յայտնեց, որ Վերին Լարսի ճանապարհը բաց պիտի ըլլայ շուրջ երկու շաբաթ վերջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Բեգլարեան տեղեկացուց նաեւ, թէ Հայաստան բանակցութիւններ կը վարէ այլընտրանքային ուղի մը ապահովելու նպատակով։ Հայկական կողմը Վրաստանի եւ Ռուսաստանի հետ շփման մէջ անցած է՝ որպէսզի Վերին Լարսի ճանապարհին այլընտրանք ուրիշ ճամբայ մը բացուի հայկական ինքնաշարժներուն համար։ Ըստ նախարարին, Թիֆլիզի եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն հետ ամենօրեայ աշխատանք յառաջ կը տարուի։ Ան յոյս յայտնեց, թէ նման քայլ մը պիտի առնուի Վրաստանի եւ Ռուսաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։ Ներկայիս Հարաւային Օսեթիոյ մէջ հնարաւորութիւն կայ ուղղուելու դէպի Ռուսաստան, ճանապարհը լաւ վիճակի մէջ է։ Հետեւաբար բանակցութիւններ կը տարուին Ռուսաստանի եւ Վրաստանի հետ։ «Այս առումով շատ բան կախուած չէ Հայաստանէն», ըսաւ Բեգլարեան, որ Վրաստան կը մեկնի բանակցութիւններ վարելու համար։ Մինչ այդ, Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանն ալ նոյն հարցին շուրջ նամակ մը ուղարկած է Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւին։
Շուրջ շաբաթ մը առաջ Վերին Լարսի անցակէտէն շուրջ 2 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ, Վրաստանի տարածքէն ներս, Թերեք գետի վարարման հետեւանքով ճանապարհի շուրջ 600 մեթր երկարութեամբ հատուածը փլուզուած է ամբողջովին։ Այս պատճառով փակուած է Ռուսաստան-Վրաստան սահմանային անցակէտը։ Անվտանգութեան պատճառներով այս ճանապարհով երթեւեկելը արգիլուած է ամէն տեսակ ինքնաշարժի համար։