ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԱՆԵՐԵՐ
Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը հետզհետէ կը խորանայ մտահոգիչ թափով: Իրադարձութիւնները տագնապի բնոյթն ալ գերազանցած են՝ հաշուի առնելով, որ շարք մը եպիսկոպոսներ ակնյայտօրէն դաւաճանած են Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Համայն հայութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի ստեղծուած կացութեան, որով կը թիրախաւորուի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, իսկ այս պահու դրութեամբ առկայ է ծանր անորոշութիւն մը, որ յղի կրնայ ըլլալ անկանխատեսելի հետեւանքներով: Շարք մը եպիսկոպոսներու Վեհափառ Հայրապետի դէմ դաւաճանութիւնը տեղի տուած է պոռթկումի մը, որով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը՝ վարդապետաց դասը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հրապարակեց այս յայտարարութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
*
«Եղբայրնե՛ր, կը յորդորեմ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, որպէսզի բոլոր միաբանուիք եւ ձեր մէջ պառակտումներ չըլլան, այլ հաստատուիք նոյն մտքով եւ նոյն համոզմունքով» (Ա Կորնթ. Ա 10):
Մտահոգ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ եւ եկեղեցիէն ներս ծաւալուող իրադարձութիւններուն՝ կը վերահաստատենք մեր ուխտը՝ հաւատարիմ մնալով ուղղափառ վարդապետութեան, ծիսականոնական դրութիւնը եւ Ս. Թադէի Աթոռի Գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ «ուղիղ վարդապետութեամբ մեզ կը ցուցանէ ճշմարտութեան խօսքը» (Խորհրդատետր):
Գնահատելով ստեղծուած իրավիճակը՝ անընդունելի կը համարենք եկեղեցւոյ ներքին կառավարման աշխարհիկ իշխանութիւններուն միջամտութիւններն ու սպառնալիքները: Անհանդուրժելի կը նկատենք իշխանական մեքենայութիւններու միջոցաւ բարձրաստիճան հոգեւորականներն ու քահանաները թիրախաւորելու եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահազրկման օրակարգը սպասարկելու նպատակով եկեղեցւոյ միասնականութիւնը պառակտելու ակնյայտ փորձերը:
Եկեղեցիէն ներս ծագած դաւանական, վարդապետական, ծիսականոնական եւ կարգապահական խնդիրները բացառապէս կը լուծուին Սուրբ Հոգիի ներշնչմամբ, Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական ընթացակարգերով, «միակամ եւ միախորհուրդ»՝ առանց հոգեւորականներու եւ իրաւասու ժողովական մարմիններու իրաւունքներու իւրացման:
Ազգային-եկեղեցական ժողովով ընտրուած եւ վաւերական օծում ունեցող հայոց Հայրապետը ունի Սուրբ Հոգիի պարգեւներու բոլոր շնորհները, որոնք կը բաշխուին հոգեւոր սպասաւորներուն՝ ձեռնադրութեան խորհուրդով կամ հայրապետական տուչութեամբ:
Նուիրապետական կարգի մէջ բոլորին իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները կը սահմանուին ըստ այն շնորհներու, որոնք կը յիշուին ձեռնադրութեան աղօթքներու մէջ: Ո՛չ ոք կրնայ եկեղեցական իր իշխանութեան սեփականութիւնը դարձնել այնպիսի իրաւունքներ, որոնք ձեռք կը բերուին քաղաքական հանգամանքներով կամ արտաքին միջամտութեամբ: Եւ քանի որ հոգեւորականը ձեռնադրութեամբ կը ստանայ այնքան, որքան կը յիշուի Սուրբ Խորհուրդի ընթացքին, այս սկզբունքէն շեղողը կը չարաշահէ իր իշխանութիւնը եւ դատապարտելի է Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեամբ:
Աներեր մնալով մեր հոգեւոր առաքելութեան մէջ՝ կը պատգամենք մեր եկեղեցւոյ քահանայից դասուն եւ հաւատացեալներուն՝ չգայթակղիլ եւ չտրտմիլ հոգեւորականութեան հասցէին հնչած զրպարտութիւններէն եւ հալածանքներէն, չօտարանալ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին: Փորձութիւններով լեցուն այս շրջանին կ՚ակնկալենք ձեր մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ աղօթական եւ խորհրդական կեանքին՝ հայցելով, որ Աստուած ապաշխարութեան ճանապարհով մաքրագործէ ու հաւատքի մէջ զօրացնէ մեզ բոլորս՝ միաբանութեան մէջ պահելով մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ անսասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:
«Եկեղեցիները ո՛չ պարգեւն են թագաւորներու, ո՛չ ճարտար արուեստն են, ո՛չ գիւտն են իմաստուններու, ո՛չ աւարտը զինուորներու քաջութեան եւ ո՛չ ալ խաբէութիւնը դեւերու, այլ շնորհն են Մեծ Աստուծոյ: Անոր հիմքերը դրուած են հաստատուն վէմի վրայ, որ ո՛չ ներքեւինները կրնան խախտել, ո՛չ ալ վերինները կրնան շարժել: Եւ այն, ինչ երկինքն ու երկիրը չեն կրնար սարսել, մարդոցմէ ո՛չ ոք թող չյաւակնի յաղթել զայն» (Սուրբ Եղիշէ վարդապետ):