ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Առաջաւորաց պահքին։ Ան բացատրեց, որ մարդ առանց վտանգի հաւանականութիւնը աչքի առնելու չի կրնար յառաջ երթալ հոգեւոր կեանքի մէջ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդին կողմէ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2025