ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթաժողովին, որու ընթացքին ներկայացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Ան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ՝ գագաթաժողովին յաջորդած «Ազգային աղօթքի նախաճաշ»ին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, գագաթաժողովի նիստերուն մասնակցեցաւ նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան։
Գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի երդիքին տակ կազմակերպուած նիստի մը մասնակցեցաւ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, որ արծարծեց Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան, բռնի տեղահանուած հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հայ պատանդներու եւ գերիներու ազատ արձակման հրամայականը։
Հայր սուրբը առանձին հանդիպումներ ալ ունեցած է ամերիկացի քոնկրէսականներու հետ։ Ան զրոյցներու ընթացքին քոնկրէսականներու նկատառման յանձնած է՝ Ամերիկայի հայ իրաւաբաններու ընկերակցութեան հետ համատեղ պատրաստուած զեկոյցներ։