ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան ընդունեց Երուսաղէմի Հին քաղաքի ոստիկանապետ Տվիր Թամիմը։ Հանդիպման ընթացքին փոխ-գնդապետ Թամիմին ընկերացաւ Հին քաղաքի ոստիկանատան քրիստոնեաներու բաժանմունքի եւ Ս. Յարութեան տաճարի պատասխանատու Անան Շահան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեց բարձրաստիճան պաշտօնատարները։ Պատրիարքարանի աղբիւրները յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին ծաւալուած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան եւ աւագ թարգման Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2025