ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի հինգերորդ օրը, շաբաթավերջին, Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնք համախմբեցին զանազան թաղերէ ուխտաւորներ: Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրոց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ: Պատարգիչ տէր հայրը խօսեցաւ խրատական մը, մինչ արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք:

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան: Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին պատարագիչ տէր հայրը, դպիրները եւ բոլոր հաւատացեալները: Տարեմուտի դրութեամբ բոլորը բարեմաղթանքներ փոխանակեցին՝ անկեղծ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 12, 2026