Երեքշաբթի 13, Յունուար 2026
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները շաբաթավերջին տեղեղկացուցին, որ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան ազատ արձակուած է Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն: Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ կատարուած է այս կարգադրութիւնը, որու համար հիմք ծառայած է՝ առաջնորդի կողմէ հանգամանքներու չարաշահումը, պարտականութիւններու մէջ թերացումը եւ թեմի եկեղեցականներու դէմ հարկադրանքներն ու ճնշում գործադրելը:
Մասեացոտնի թեմի առաջնորդական փոխանորդ նշանակուած է Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարքարեան:
Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան մաս կը կազմէ այն տասը եպիսկոպոսներու շարքին, որոնք Հայաստանէ ներս յառաջացած իշխանութիւն-եկեղեցի առճակատման մէջ դաւաճանած են Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ:
Երկուշաբթի, Յունուար 12, 2026