ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ
Երէկ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասը՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի եւ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդածութիւնով մը հանդէս եկաւ արարողութեան ընթացքին։ Հոգեւոր հայրերը ծնրադիր աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։
Արարողութեան աւարտին, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ պահքի թէյասեղան մը սարքեց՝ Նորին Ամենապատուութեան եւ հոգեւոր հայրերուն համար, որոնք Մեծ պահոց խորհրդաւոր շրջանին կը ջանան հոգեւոր սնունդ մատակարարել հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հոգեւորականաց դասու անդամները իրարու մաղթեցին ուժ եւ կարողութիւն, որպէսզի այս տարի եւս Մեծ պահքի նուիրական շրջանը արժեւորուի լաւագոյնս եւ համայնքը կարողանայ միասնաբար ողջունել Սուրբ Յարութեան մօտալուտ տաղաւարը։