ՄԷԿ ԱՍՏՈՒԱԾ, ՄԷԿ ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ
Կորնթացիներուն ուղղած Առաջին նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Բայց մեզի համար միայն մէ՛կ Աստուած կայ, Հայրը, որ ստեղծած է ամէն բան, եւ մենք Անով կ՚ապրինք. եւ՝ միայն մէ՛կ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որու միջոցով ստեղծուեցաւ ամէն բան, եւ մենք Անով կ՚ապրինք» (Ա. Կր 8.6):
Ո՞վ է Աստուած: Ո՞վ է Տէր Յիսուս Քրիստոս:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ կը գրէ.
* Աստուած է կեանքի աղբիւրն ու բարիքներ տուողը, ուսուցիչը եւ շինողը երեւցածներուն եւ աներեւոյթներուն։ Եւ միտքերը, որ կան մարդոց մէջ, անկէ են՝ զանազան հմտութիւններով ու հնարագիտութիւններով:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.
* Տէր Աստուած ամէն տեղ է, հետեւաբար Ան մեր իւրաքանչիւր հոգոցը կը լսէ, արցունքի ամէն մէկ կաթիլը, որ կը թափենք՝ կը տեսնէ։ Մեր Աստուածը ամենակարող է, եւ հետեւաբար Ան մեզ ոեւէ մէկ թշնամիէ կրնայ ազատել ու մահուան երախէն ետ խլել։ Մեր Աստուածը բարի է, եւ հետեւաբար Ան կ՚ուզէ, որ մենք Իր պարգեւած բարեկեցիկ կեանքը վայելենք։ Այդ բոլորով հանդերձ, եթէ մեզի որեւէ մէկ դժբախտութիւն կու տայ, ապա կը նշանակէ, որ Աստուած անհրաժեշտ եւ օգտակար կը համարէ այդ (դժբաղխտութիւնը) մեզի համար:
Սուրբ Եղիշէ վարդապետ կը գրէ.
* Օրհնեա՛լ ես, ամենակալ Տէր Աստուած՝ Որդի եւ Բանն Աստուած, էակից եւ արարչակից Հօր, գոյակից եւ համաբնակից Սուրբ Հոգիիդ, անբաժան Էական բնութենէդ:
Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս կը գրէ.
* Յիսուս է միայն ճշմարիտ խաղաղութեան պարգեւիչը. այո՛, աշխարհն ալ խաղաղութիւն կու տայ, սակայն կեղծ եւ խաբուսիկ. ան մէկ ձեռքով խաղաղութեան ձիթենին կը մեկնէ քեզի, իսկ միւսով՝ սիրտդ կը խրէ. ան այսօր կը ժպտայ երեսիդ, իսկ վաղը՝ ատամները կը կրճտացնէ ետեւէդ։
Ով աշխարհի պատրանքը ճաշակած է, սուտ ընկերոջ անհաւատարմութեան վկայ եղած՝ անիկա անշուշտ համոզուած է, որ զո՜ւր է աշխարհին մէջ ճշմարիտ եւ տեւական խաղաղութիւն որոնել, այլ՝ պէտք է դիմել միայն մեզի համար խաչ ելած եւ յարութիւն առած Յիսուսին, որ խաչէն իջաւ, գերեզմանէն յաղթական ելաւ եւ Իր մտերիմներուն խաղաղութեան ողջոյն բերաւ, անոնց դառնացած եւ ընկճուած հոգիները ուրախութեամբ լեցուց:
Շնուտա Գ. Հայրապետ կը գրէ.
* Զարմանալի ես Դուն, Տէր: Ո՞վ կայ Քեզի նման: Բոլոր գործերուն մէջ Քեզ մեր հետ տեսանք ու սկսանք մեր կենաքը վստահութեամբ Քեզի յանձնել: Ո՛չ մէկ բանէ կը վախնանք, ոեւէ մէկէն չենք վախնար, որովհետեւ Դուն մեզի հետ ես: Դուն, Յոյսն ես անոր՝ որ յոյս չունի: Օգնականը անոր՝ որ անօգնական է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
11 մարտ 2026, Վաղարշապատ