ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Վաղը, 13 ապրիլ 2025-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը: Այս տօնը մեծ իմաստ եւ նշանակութիւն ունի քրիստոնեաներուս կեանքին մէջ: 

Մեր Տիրոջ Երուսաղէմ յաղթական մուտքը մեր բոլորիս յաղթանակն է չա-րին եւ անոր արբանեակներուն դէմ: 

Յաղթանակ՝ մեղքին ու պղծութեան դէմ: 

Յաղթանակ՝ չարակամութեան եւ նախանձին վրայ: 

Յաղթանակ՝ մարդկային սին հաշիւներուն վրայ:

Յաղթանակը աստուածային պատկերին ու նմանութեամբ ստեղծուած մարդուն ընդդէմ անմարդկութեան եւ ուրացութեան, ընդդէմ դաւաճանութեան եւ մատնութեան:

Ի վերջոյ յաղթանակ՝ մահուան վրայ, որովհետեւ անգամ մը որ մարդ զՔրիստոս իր մէջ ընդունի, իր կեանքը Քրիստոսին յանձնէ, ապա այլեւս ո՛չինչ կրնայ զինք Քրիստոսէ հեռացնել, ո՛չ իսկ մահը:

 

Աւետարանական պատումները կը ներկայացնեն մեզի, թէ ինչպէս Երուսաղէմի ժողովուրդը տօնական մթնոլորտով եւ ուրախութեամբ դիմաւորեց Տէր Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Մատթէոս Աւետարանիչը նկարագրելով այդ օր տիրող մթնոլորտը, կը գրէ.

 «Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ: Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ՚երթար կամ կը հետեւէր Իրեն, կ՚աղաղակէր.

“Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,

Օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով:

Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին”» (Մտ 21.8-9):

Այստեղ մեր սիրելի՛ ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք փունջ մը խորհրդածութիւններ Ծաղկազարդի մասին, կատարուած տարբեր հոգեւորականներու կողմէ, նպատակ ունենալով առիթ տալ մեր ընթերցողներուն խորհրդածել Տիրոջ Երուսաղէմ գալուստին մասին, խորհրդածել մեր ներկայ վիճակին մասին, կարենալ աւելի առողջ եւ ամուր յարաբերութիւն մշակել Անոր հետ, կարենալ մեր կեան-քը յաղթանակած ապրելու համար:

 

Որոգինէսը կը գրէ.

* Անոնք գովաբանեցին Անոր մարդասիրութիւնը, բացագանչելով. «Ովսաննա՜ Դաւիթի Որդի», եւ անոնց գովաբանեցին նաեւ Իր կատարած բարենորոգումը, որ կը նշանակէ, թէ փրկութիւնը բարձրունքներուն է, յստակօրէն ցոյց տալով, որ Քրիստոսի գալուստը ո՛չ թէ միայն մարդոց կը վերաբերի, այլ՝ ամբողջ տիեզերքին, երկրայինները երկնայիններուն կապելով (Փլպ 2.10):

 

Զաքարիա Ա. Ձագեցի Կաթողիկոսը կը գրէ.

* ...Այսօր, արեգակը ոսկեճաճանչ ճառագայթներով լուսազարդելով, միջօրէն կը պայծառացնէ, հեռու ձգելով ձմեռնային սառնապատ եղանակները, նոյն հունին մէջ նետելով, ժամագիւտին նոյն նպատակը կ՚անդրանցնի եւ ընթանալով հասարակածին կը հասնի եւ ջահաւորելով աշխարհը կը լուսաւորէ։

Այսօր, լուսինը մաքուր փայլելով, լիալուսին վիճակով, Արեւելքէն ծագելով լեռներուն եւ բարձրաբերձ գագաթներուն վրայ, արտափայլելով (մթութիւնը կը ջահաւորէ)։

Այսօր, աստղերուն բարեյարմար խումբերը հրճուալի ձեւով կը փայլին սառնամանային օդի բռնութենէն եւ հիւսիսային խստութենէն ազատելով ու միանալով հարաւային բարեխառն օդին, գեղեցկայարմար ձեւով հիւսիսէն հարաւ կը շրջին։

Այսօր, ջինջ աղբիւրները առողջութիւն կը բխին, զայն բոլոր կենսաւորներուն պարգեւելով, որոնք ծարաւ մօտենալով կը զովանան մշտահոս բխումէն։

Այսօր, բոլոր դաշտերը զարդափայլելով կը պայծառանան տեսակ-տեսակ ծաղիկներով, պաճուճուած՝ հրաշալի եւ վայելուչ տեսքով։

Այսօր, ծովը խաղաղելով, եզերքի ալիքները միաւորուելով, նաւորդներուն բարեձեւ եւ հեզ մկանները կը պատրաստեն եւ խաղաղ նաւահանգիստը կը ղրկեն։

Այսօր, գետերը կը հանդարտին (ալիքներու) խրոխտ եւ փքացեալ յարձակումէն եւ ճանապարհ կը պատրաստեն մարդկային ցեղին։

Այսօր, իբրեւ հոգեւոր եւ մարմնաւոր գարուններ ձերբազատուինք ձմեռնային տխրութենէն եւ Քրիստոս-Նաւահանգիստին ապաւինինք ու Քրիստոսի դիմաց ելլենք, եւ փոխանակ վերարկուներու, մեր մարմինները մաքրենք եւ արմաւենիի ոստերուն փոխարէն, մեր ինչքերը աղքատներուն սերմանենք, որպէսզի հանդերձեալ բարիքներուն արժանի ըլլանք, եւ բոլորս ալ կարենանք հասնիլ անոնց, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի շնորհքովն ու մարդասիրութեամբը, որուն վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն:

 

Ստեփանոս Քահանայ Մանդինեանցը իր՝ «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ կը գրէ. 

* Յիսուսի հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ խորհրդանիշ էր կամաւորաբար չարչարուելու ու խաչուելու Իր երթալուն, որու համար երկինքէն իջաւ։ Ան գիտէր, թէ փառքի ճանապարհը Իրեն համար չարչարանքի ճանապարհն էր եւ առանց հրաժարելու՝ գնաց դէպի այդ։ Ուստի, այս տօնը քրիստոնեայ անհատին կը սորվեցնէ ազատ կամքով երթալ իր նպատակի ճամբէն, նոյնիսկ եթէ անոր վրայ ծաղիկներու փոխարէն փուշեր տարածուած ըլլան, սակայն կարեւորը աշխարհի սուտ եւ խաբուսիկ գովասանքներէն չխաբուիլն է ու չվախնալ մարմինը սպաննողներէն, որոնք ուրիշ բան չեն կրնար ընել (Ղկ 12.4). այլ՝ վախնալ Անկէ, որ կարողութիւն ունի մարմինն ու հոգին սպաննելու եւ գեհենին մէջ նետելու։ Որովհետեւ հրեաները այսօր զՔրիստոս դիմաւորեցին ովսաննա աղաղակելով, սակայն հինգ օր ետք Պիղատոսի դիմաց աղաղակեցին ըսելով՝ խաչ հանէ զԻնք։ Այսօր որպէս Թագաւոր դիմաւորեցին, ապա աղաղակեցին՝ մենք բացի կայսրէն թագաւոր չունինք։

 

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանը կը գրէ.

* Աւագ շաբաթի վարագոյրը կը բացուի ժողովրդային ազնիւ տրամադրութիւններու սխրալի պոռթկումով մը: Ընկերային կեանքի գրեթէ բոլոր երեւոյթները ներկայ են այստեղ. ուրախութիւն, երգ, հանդէս մէկ կողմէն, ու լաց, նախանձ եւ ընկերային տարբեր ըմբռնումներու բախումներ միւս կողմէն:

Օրուան շքեղ այս անունը [ծաղկազարդ] յատուկ է մեզի միայն: Հայ ժողովուրդի այն դիպուկ յօրինումներէն՝ ուր իրը եւ անունը զիրար կը գրկեն երջանիկ հարազատութեամբ...:

...Մեր ժողովուրդը սերտ նմանութիւն մը նշամարած է Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին եւ գարնան բնութենէն ներս յաղթական ծաւալումին միջեւ...:

Իրաւամբ Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը Անոր մեծութեան ծաղկումն է: Անոր աստուածային հեղինակութեան պարուրուած կոկոնին բացուիլն է: Անոր ցարդ անտեսանելի մնացած փառքին ճառագայթումն է:

 

Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան, իր՝ «Աստուած մարդ յարաբերութիւնը Քրիստոսով. Մատթէոսի Աւետարանը, Բ. հատոր» աշխատասիրութեան մէջ, այսպէս կը գրէ.

* Հարցում. Ժողովուրդը ի՞նչ կը սաղմոսէր:

Պատասխան. «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով: Օրհնութիւն Բարձրեալին» (Մտ 21.9, հմմտ. Սղ 118.25-26):

Իսկ իրենց օրհներգութիւնը «Ովսաննա», որ եբրայական արտայայտութիւն մըն է, որ աւելի մտային զարմանքի ու սքանչացման վիճակի կ՚ակնարկէ քան յատուկ իմաստի, եկեղեցական հայրեր անոր մէջ կը տեսնեն «փրկէ մեզ» իմաստը, ինչպէս Հերոնիմոս կ՚ըսէ, թէ ատիկա կը նշանակէ, որ Քրիստոսի գալուստը աշխարհի փրկութիւնն է:

«Օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին. օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով: Օրհնութիւն Բարձրեալին»: Այս օրհնութեան մէջ բազմաթիւ ծածուկ իմաստներ կը գտնենք: Նախ ժողովուրդը իր աղաղակներով կ՚օրհներգէր Քրիստոսի մարդեղացումը, զայն «Դաւիթի Որդի» կոչելով, եւ երկրորդ, անոնք կը փառաբանէին Աստուծոյ տունը բարեկարգելու Անոր կատարելիք աշխատանքը: Ս. Հերոնիմոս կ՚ըսէ, թէ ասիկա ցոյց կու տայ, որ փրկութիւնը Բարձրեալէն կու գայ, յստակօրէն ակնարկելով Քրիստոսի գալուստին իբրեւ փրկիչն ու փրկութիւնը, որ ո՛չ միայն ամբողջ մարդկութիւնը կը ներառէ, այլեւ՝ ամբողջ տիեզերքը՝ երկրաւորները երկնայիններուն կապելով: Իսկ Ս. Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ օրհնութեան մէջ յիշուած «Տիրոջ անունով»ը ակնարկութիւն է Հայր Աստուծոյ անունին, որովհետեւ առիթով մը Քրիստոս անձամբ ըսաւ. «Ես Հօրս անունով եկայ, բայց դուք չէք ընդունիր զիս. մինչդեռ եթէ մէկը իր անունով գայ՝ պիտի ընդունիք զայն»: Եւ շարունակելով՝ եկեղեցական հայրը Պօղոս առաքեալի գրութիւնը մէջբերելով՝ կ՚ըսէ. «Խոնարհութեան ճշմարիտ Ուսուցիչը Քրիստոս Ի՛նք է, որ Իր անձը մերկացուց Իր աստուածային պատիւէն եւ հնազանդեցաւ Հօրը կամքին, յանձն առնելով մահը, եւ այն ալ խաչի մահը, սակայն Ան խոնարհութեան ուսուցումով չկորսնցուց Իր Աստուածութիւնը. որովհետեւ մէկուն միջոցաւ Ան համապատիւ է Հօրը եւ միւսին միջոցաւ (մարդկային բնութեամբ) մեզի նման է: Հօրը հետ համապատիւ եղած մասով Ան մեզ գոյութեան բերաւ, իսկ մեզի նման եղած մասով, այսինքն՝ մարդեղութեան միջոցաւ ալ մեզ փրկեց յաւիտենական կորուստէն»: Իսկ Ծործորեցին կ՚ըսէ, որ անոնք հասկցան, որ Ան (Յիսուս) մշտնջենաւոր Աստուածն է հրեշտակներէն օրհնաբանուած եւ խոստովանեցան, որ Աստուածութեամբ Ան համագոյ է Հօրը, իսկ անբաժան մարդեղութեամբ ալ Դաւիթի Որդին է:

Ուստի, «Ովսաննա» կը նշանակէ փրկէ մեզ, որովհետեւ Քրիստոս Ինք է Փրկիչը, որ հաւատացեալները մեղքէն ու դատապարտութենէն վեր բարձրացնելով՝ կը փառաւորէ ու Երկինքի Արքայութիւնը կը մտցնէ զանոնք:

Այդ օրհնութիւնը, որ ժողովուրդի բազմութիւնը բարձրաղաղակ կ՚օրհներգէր, քաղուած է 118-րդ սաղմոսէն, որ մեսիական սաղմոս մըն է եւ որ իբրեւ սովորութիւն կը կրկնէին ամէն զատկուայ տօնին, խնդրելով Աստուծմէ, որ փրկէ Իր ժողովուրդը: Ժողովուրդէն շատեր, այդ պահուն, վստահաբար չեն անդրադառնար իրենց ըսածին, բայց այդպէս ընելով՝ Քրիստոսի մասին դարեր առաջ տրուած մարգարէութեան իրականացումին մասնակից կը դառնային:

Անոնք Քրիստոսի կը դիմէին «Դաւիթի Որդի» տիտղոսով, որովհետեւ Հին կտակարանին մէջ Աստուած Դաւիթ թագաւորին հետ կնքեց թագաւորութեան ուխտը. թագաւորութիւն մը, որ յաւիտենական ու անվախճան պիտի ըլլար:

Ժողովուրդը Քրիստոսի մէջ կը տեսնէր դարեր շարունակ ակնկալուած Մեսիան, եւ իրենց կատարած օրհներգութիւնն ալ ատոր կ՚ակնարկէր: Երուսաղէմ մուտքի ժամանակը այնպիսի օր մըն էր, երբ բոլոր իսրայէլացիները կը հաւաքուէին Երուսաղէմ: Վայր մը, ուր Քրիստոս ամբողջ բազմութեան կրնար յայտարարել իր առաքելութիւնը:

Ժողովուրդը թէեւ ճիշդ կը բնորոշէր զԻնք որպէս Մեսիա, բայց սխալ կ՚ըմբռնէր Անոր առաքելութիւնը: Անոնք կ՚ակնկալէին, որ Քրիստոս զիրենք պիտի ազատագրէր հռոմէական իշխանութեան տիրապետութենէն: Սակայն, անոնք չհասկցան, թէ Քրիստոսի թագաւորութիւնը ո՞ւր պիտի առաջնորդէ զիրենք: Մէկ կողմէ աներեւակայելի ցնծութեան մէջ էին, բայց միւս կողմէ ալ սխալ գաղափար կազմած էին Յիսուսի մասին: Անոնք աշխարհիկ իմաստով ազգային ղեկավար մը կ՚ակնկալէին, որ Իսրայէլը պիտի վերականգնէր իր նախկին փառքին: Անոնք խուլ մնացած էին իրենց մարգարէներուն խօսքերուն եւ կոյր՝ Յիսուսի իսկական ծառայութեան: Որովհետեւ շատ կարճ ժամանակ յետոյ, ամէնը քանի մը օրեր անց, երբ ամբոխը բացայայտէր այն իրողութիւնը, թէ Քրիստոս պիտի չարդարացնէր իրենց յոյսերն ու երազները, Անոր դէմ պիտի դառնային: Եւ նոյն ձեւի բազմութիւն մը հաւաքուած՝ այս անգամ պիտի աղաղակէին՝ «թող խաչուի՛, թող խաչուի՛»:

Ուստի, «օրհնութիւն Բարձրեալին» արտայայտութեամբ, անոնք ըսել կ՚ուզէին շնորհակալութիւն եւ գոհութիւն Հօրը, որ Փրկիչը ղրկեց: Թէեւ Աստուծոյ վայել է միայն ոգեղէններէն օրհնութիւն ստանալ, բայց Տէրը մարդասիրաբար նաեւ մեզմէ ալ կ՚ընդունի:

 

Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանը [այժմ եպիսկոպոս], այսպէս կը գրէ.

* Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, ինչպէս բոլոր հաւատացեալները, որպէս ուխտաւոր կ՚երթար Երուսաղէմ՝ Զատիկի տօնին մասնակցելու համար, սակայն տարբերութիւնը այն էր, որ Ան որպէս Նոր Զատիկ կ՚երթար, որ Իր կեանքը զոհաբերէր խաչին վրայ եւ Իր կենարար արեան հեղումով մարդկութիւնը ազատագրէր մեղքի գերութենէն: Ան Երուսաղէմ մուտք կը գործէր որպէս «Գառն Աստուծոյ», որ Իր անձին զոհաբերութեամբ պիտի պատռէր մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող մեղքին վարագոյրը եւ պիտի բանար դէպի Աստուած տանող Արքայութեան դռները:

Մարդիկ կ՚ակնկալէին Դաւիթի Որդիին փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ՝ թերեւս ներկայանլի զօրքով ու արքայավայել փառքով, սակայն իրենց աչքերուն առջեւ ամբողջութեամբ ուրիշ տեսարան մը կը բացուէր: Յիսուս խոնարհաբար աւանակի մը վրայ նստած կը մտնէր Սուրբ Քաղաք՝ Իր աշակերտներուն հետ միասին եւ ուղեկցութեամբ բազմաթիւ մարդոց, որոնք ցնծութեամբ իրենց զգեստները կը փռէին ճանապարհին վրայ, որպէսզի Տէրը անցնի անոնց վրայէն, եւ ոմանք ալ արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղերը իրենց ձեռքերուն մէջ՝ կը գովաբանէին Տէրը եւ աղաղակելով կ՚ըսէին. «Օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է Ան, որ Տիրոջ անունով կու գայ, օրհնութիւն՝ բարձրունքներուն մէջ» (Մտ 21.9): 

Ժողովուրդին բազմութիւնը իրաւացիօրէն կը դիմաւորէր զԻնք որպէս յաղթական Թագաւոր մը, որու անձին մէջ Աստուծոյ խոստումները պիտի իրագործուէին: Սակայն, անոնք սխալ ընկալում ունէին Յիսուս Քրիստոսի թագաւորութեան եւ յաղթանակի մասին: Հռոմայեցի զինուորներուն հետ պատերազմելու փոխարէն, Տէր Յիսուս Խաչի զոհաբերութեամբ մահուան պիտի յաղթէր: Այս մեծագոյն խորհուրդը տակաւին դժուարընկալելի է շատերու համար. աշխարհի Փրկիչն ու Թագաւորը, Աստուծոյ մարմնացեալ Որդին խոնարհեցաւ եւ անարգ մահով մահացաւ խաչափայտին վրայ, ինչպէս նուաստներու նուաստը, որպէսզի մարդուն երկինքի անիմանալի բարձունքները բարձրացնէ եւ Իր հրաշափառ յարութեամբ յաւիտենական կեանքին ուրախութիւնը պարգեւէ:

Ծաղկազարդի տօնը հրաւէր է՝ ընդառաջ ելլելու Երկնաւոր Թագաւորին, որ կու գայ Հօր կամքը կատարելու՝ ազատագրելու մեզ մեղքի խաւարէն եւ մահուան արհաւիրքէն: Այսիր, մեր սիրտերուն Երուսաղէմ մուտք գործող Փրկիչը կու գայ թագաւորելու մեր սիրտերուն եւ փարատելու մեր վախերն ու կասկածները: Ընդունի՛նք զԻնք մեր սիրտերուն մէջ եւ հաւատարիմ մնանք Անոր, ով մեզի համար Իր կեանքն իսկ չխնայեց: Սրտաբուխ աղօթքով փառաբանենք եւ ովսաննաներ վերառաքենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, ըսելով. «Օրհնեալ է Ան, որ Տիրոջ անունով կու գայ, օրհնութիւն՝ բարձրունքներուն մէջ»:

 

Միւռոն Աբեղայ [այժմ՝ ծայրագոյն վարդապետ] Ազնիկեանը կը գրէ.

Ծաղկազարդ է այսօր: 

Մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակութեան տօնը: 

Յաղթութեան, միանգամայն հաւատքի վկայութեան տօն մը: 

Թող այս անմար կանթեղներուն պէս ձեր հաւատքը ըլլայ միշտ վառ: Ձիթենիի այս ճիւղերուն նման ձեր յոյսը առ Քրիստոս՝ մի՛շտ դալար: 

Մենք եւս հաւատքի անկեղծ խոստովանութեամբ վեր բարձրացնենք մեր հոգիներու լեզուն եւ աղաղակենք խաղաղութիւն բաշխող հզօր Իշխանին. «Ովսաննա՜»:

Կը հաւատանք եւ մեր սրտերուն մէջ կ՚ընդունինք Քեզ, ո՜վ Յիսուս Քրիստոս, որպէս Տէրը եւ Փրկիչը տիեզերքի, որ յանձն առիր այսօր մեզի գալ որպէս խոնարհ արքայ, նստած հեզ աւանակի մը վրայ: Գիտենք, թէ Դուն ամէն օր կու գաս. բայց մենք մեր մեղաւոր աչքերով Քեզ չենք տեսներ, որովհետեւ Դուն հոն ես, ուր թշուառութիւնը կը տիրէ եւ մենք կը խրտչինք թշուառութենէ: Ինչպէս այսօր, այս տաճարին մէջ երկիւղած հոգիով, բաց սրտով եւ անկեղծ հաւատքով Քեզ ընդունեցինք, նոյնպէս Քեզ կրնանք տեսնել եւ ընդունիլ ամէն օր որբի արցունքին մէջ, աղքատին եւ թշուառին տառապանքին մէջ, անկեալին ու հիւանդին մխիթարութեան եւ օգնութեան մէջ:

Ահա այն ատեն մեր ձայնը կ՚ընդխառնուի Աստուածորդի Քրիստոսը խնդութեամբ ընդունող Երուսաղէմի սուրբ մանուկներու երգին, որ համակ հաւատքի անկեղծ խոստովանութիւն է, սիրոյ արտայայտութիւն եւ աղօթքի սրբութիւն:

«Ով­սա՜ն­նա, օրհ­նու­թի՛ւն ի բար­ձունս.
օրհ­նեալ որ գաս յա­նուն Տեառն.
խա­ղա­ղու­թիւն յեր­կինս
Եւ փառք ի բար­ձունս»:

***

Տէր Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ թող առիթ մը դառնայ մեր սիրտերը մաքրելու եւ յարդարելու, որպէսզի բնակարան դառնան Յաղթանակած Փրկիչին, գալու եւ բնակելու մեր մէջ, ծաղկազարդելու մեզ, մաքրելու մեր միտքերն ու սիրտերը՝

* որպէսզի մեր հոգիները սաւառնին դէպի բարին, կատարեալն ու առաքինին:

* որպէսզի մեր աչքերը կարօտեալին, աղքատին, տնանկին ու սգաւորին մէջ տեսնենք զՔրիստոս, եւ մեր ձեռքերը երկարենք օգնելու մեր նմաններուն՝ անոնց ընդմէջէն օգնած ըլլալու Քրիստոսին եւ մեզի համար գանձեր դիզած ըլլանք երկինքի մէջ:

* որպէսզի խոնարհ Փրկիչին հետեւելով մեր կեանքը խոնարհութեամբ եւ պարզութեամբ ապրինք, միշտ յիշելով որ մեր խոնարհութիւնն է, որ մեզ յաւիտենական հանգիստի պիտի առաջնորդէ:

* որպէսզի Տէր Յիսուսի օրինակով կարենքն անմնացորդ սիրել բոլորը եւ մեր կարելին ընենք մեր նմանի բարօրութեան եւ լաւութեան համար:

* ի վերջոյ, որպէսզի արժանի ըլլանք երկնաւոր սուրբ զօրքերուն հետ փառաւորելու Յաղթանակած Փրկիչին՝ Իր Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 12, 2025