ՎՏԱՆԳԱՇԱՏ ՈՒ ԿՈՐԾԱՆԱՐԱՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ քահանայից հաւաք։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու ընթացքին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ պաշտօնապէս թողարկեց այս յայտարարութիւնը, որու բովանդակութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։
*
Մենք՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայաստանի թեմերէն ներս սպասաւորող քահանաներս, գոհութիւն կը յայտնենք երկնաւոր մեր Տիրոջ, որ բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, առիթն ունեցանք համախմբուելու Միածնաէջ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, միասնաբար խորհրդածելու սրբազան մեր առաքելութեան շուրջ եւ աղօթք բարձրացնելու աշխարհասփիւռ հաւատաւոր մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի համար։
Խորապէս մտահոգուած ենք հայրենի մեր երկրէն ներս տեղ գտած վերջին օրերու ցաւալի զարգացումներով։
Աշխարհաքաղաքական բարդ իրողութիւններու պայմաններուն ներքեւ, ամենատարբեր պատճառաբանութիւններով երկրէն ներս իրականացուող քաղաքական հետապնդումները եւ այդ շրջանակներէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ու իշխանական ուժի ներկայացուցիչներու կողմէ սանձազերծուած արշաւը՝ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան դէմ, կը խաթարեն ազգային կեանքը, առկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց կը ջլատեն մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ կը տկարացնեն մեր պետութեան դիրքերը աշխարհի համայնապատկերին վրայ։
Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու դրսեւորած անյարիր վարքագիծն ու անպարկեշտ խօսոյթը, շարունակական սպառնալիքները եւ հոգեւորականութեան պառակտման անթաքոյց փորձերը կը վիրաւորեն ի սփիւռս աշխարհի մեր հաւատացելոց ազնիւ զգացումները, նաեւ ուղղակիօրէն կ՚ոտնահարեն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, «Խղճի ազատութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւններու մասին» օրէնքի եւ միջազգային բազում պահանջներ։
Դատապարտելի է ի պաշտպանութիւն Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ եղած ազգային բարերար տիար Սամուէլ Կարապետեանը ազատութենէն զրկելը։ Անընդունելի է նաեւ կալանաւորուած Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի եւ անոր համախոհներու պարագային անմեղութեան կանխավարկածի սկզբունքի միտումնաւոր անտեսութիւնը իշխանութիւններու կողմէ։ Մեծ ընդվզումով եւ ցաւով ականատեսը դարձանք յունիսի 27-ին Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը ազատութենէն զրկելու նպատակով Սուրբ Էջմիածին իրաւապահ մարմիններու մեծաքանակ ուժերու ներխուժումը։ Հակառակ տրուած հաւաստիացումներուն, թէ սրբազան հայրը ինքնակամ պիտի ներկայանար Քննչական կոմիտէ քահանայից հաւաքի աւարտին՝ ժամը 16.00-ին, իրաւապահները նախընտրեցին ծրագրածը իրականացնել անհամաչափ բռնի ուժի կիրառմամբ, ինչ որ արդարօրէն յառաջ բերաւ բոլորիս բողոքը՝ նաեւ խոչընդոտելով ամենամեայ մեր հաւաքի տեղի ունենալը։ Միքայէլ սրբազանը Քննչական կոմիտէ մեկնեցաւ ինքնակամ։ Համայն հայութեան Սրբութիւն Սրբոցի դէմ սոյն ոտնձգութիւնը, սրբավայրի աղօթական միջավայրի խաթարումը եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի ու հոգեւոր դասու դէմ նման վերաբերմունքը խստօրէն դատապարտելի եւ մերժելի են։
Թշնամանքի եւ ատելութեան խօսքը, խտրականութեան քարոզչութիւնը եւ տարատեսակ բռնութեան կոչերը վը-տանգաշատ ու կործանարար են եւ երբեք չեն կրնար բարիք պարգեւել ազգային եւ հայրենական մեր կեանքին։ Հայոց Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, մեր նուիրական արժէքներու եւ սրբութիւններու թիրախաւորումը անընդունելի է եւ անհանդուրժելի՝ յղի ազգի եւ հայոց ապագայի համար անդառնալի հետեւանքներով։ Հարկ չկայ հայրենիքը եւ մեր ժողովուրդը կանգնեցնել նոր ցնցումներու եւ արհաւիրքներու առջեւ։
Քաջ գիտակցելով Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր ազգի միասնականութեան պահպանման, հանրային համերաշխութեան կերտման եւ հայոց պետականութեան զօրացման գործին մէջ՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւներ անսասան ենք մեր կոչման մէջ՝ ծառայելու Փրկիչ մեր Տիրոջ եւ անոր կենսատու Սուրբ Աւետարանի քարոզչութեան, հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի պայծառութեան, ազգային անդաստանէ ներս տերունահաստատ ճշմարտութեան եւ արդարութեան պաշտպանութեան։ Այս յարձակումներու յորձանուտին մէջ մեր համայնքներու հետ միասին պիտի անյողդողդ պաշտպանենք իրաւունքները մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, նաեւ հետամուտ պիտի ըլլանք կալանաւորուած սրբազան հայրերու եւ ազգայիններու նկատմամբ արդարութեան իրագործման ու անոնց ազատ արձակման։
Անդրդուելիօրէն պիտի շարունակենք մեր ժողովուրդի մէջ առատացնել հաւատը, յոյսն ու սէրը, ամրապնդել հաւատարմութիւնը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, ազգային-հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ, որոնց շնորհիւ, ինչպէս դարերու հոլովոյթին մէջ, պիտի կարենանք յաղթահարել մեր կեանքի բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները։
Հաւատարիմ Միւռոնաբաշխ Սուրբ Էջմիածնին՝ մեր որդիական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Հայոց Հովուապետին՝ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ փոթորկալի այս ժամանակներուն, իրբեւ բարի եւ քաջ հովիւ, տէրունաշնորհ իմաստութեամբ, հանդարտութեամբ եւ մշտարթուն հոգիով առաջնորդելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եւ համայն հաւատաւոր մեր ժողովուրդը դէպի խաղաղ ու ապահով հանգրուաններ։
Առ Աստուած ապաւինութեամբ կը հայցենք, որ Տէրը տարածէ իր ամենախնամ Աջը աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի վրայ՝ խաղաղ ու անվրդով պահելով մեր հայրենիքը, աներեր եւ պայծառ՝ իր Սուրբ Եկեղեցին։