ՅԵՏԱՁԳԵԱԼ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Նիստը վարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, որ միեւնոյն ժամանակ Վանական խորհուրդը կը գլխաւորէ։ 

Ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը ԳՀԽ-ի անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։ Օրակարգի վրայ ընդգրկուած էին եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական, կարգապահական խնդիրները։ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու եւ ստեղծուած իրավիճակի մասին զեկուցումով մը հանդէս եկաւ իրաւաբան տքթ. Գէորգ Դանիէլեան։

Ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին յուզող խնդիրները կը քննարկուին եկեղեցական սահմանուած կարգով համապատասխան կառոյցներու կողմէ եւ կ՚առաջադրուին համարժէք լուծումներ։ Նշուեցաւ, որ եկեղեցական ներքին հակադրութիւններու թեզը, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է, արհեստածին է եւ նպատակ ունի օրինականացնել իշխանութիւններու ապօրինի միջամտութիւնը եկեղեցւոյ ներքին գործերուն։ Արձանագրուեցաւ նաեւ, որ 2025 թուականի մայիսի վերջաւորութենէն ի վեր իշխանութեան նախաձեռնած հակաեկեղեցական արշաւը ստացած է համակարգուած բնոյթ՝ ուղեկցուելով հակասահմանադրական գործողութիւններով, քրէական հետապնդումներով եւ հոգեւորականներու դէմ բռնաճնշումներով։

ԳՀԽ յայտնեց իր գնահատանքը Հայ Եկեղեցւոյ իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած հաւատաւոր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ կառոյցներուն եւ առանձին անհատներուն, որոնք օրինական քայլերով իրենց վճռական դիրքորոշումը կ՚արտայայտեն ի պաշտպանութիւն եկեղեցւոյ իրաւունքներու։ 

Քաղաքականութեան մէջ եկեղեցւոյ ներգրաւուած ըլլալու մեղադրանքը անհիմն եւ անընդունելի համարելով՝ ԳՀԽ մերժելի նկատեց իշխանութեան գլուխ գտնուող ուժին կողմէ արհեստական օրակարգերու ձեւաւորմամբ Հայ Եկեղեցին քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու փորձերը, ինչ որ նոր բաժանումներ ու հակառակութիւններ յառաջ կը բերէ ազգային կեանքէ ներս։ 

ԳՀԽ նաեւ մտահոգութիւն արտայայտեց տասն եպիսկոպոսներու որդեգրած պառակտիչ կեցուածքի, հանրային ելոյթներու մէջ Մայր Աթոռի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին հնչեցուած զրպարտիչ յայտարարութիւններու եւ մեղադրանքներու առընչութեամբ։ Ժողովականները խստօրէն դատապարտեցին եպիսկոպոսներուն միանալը վարչապետի կողմէ նախաձեռնուած եւ անթաքոյց հովանաւորուող «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարենորոգման ծրագրին», ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու, իրաւապահ եւ ուժային կառոյցներու ներգրաւմամբ թեմակալ առաջնորդներու կողմէ եկեղեցականներու դէմ գործադրուած ապօրինի ճնշումներն ու սպառնալիքները։ 

ԳՀԽ յորդորեց հոգեւորականներուն՝ չտրուիլ հակաօրինական պարտադրանքներուն եւ հաւատարիմ մնալով իրենց կոչման՝ առաջնորդուիլ բացառապէս Հայոց Եկեղեցւոյ կանոնական կարգով։ 

Քննարկելով առկայ իրադրութեան յաղթահարման ուղիները՝ որոշուեցաւ անցեալ տարեվերջին հրաւիրուած եւ ժամանակաւորապէս յետաձգուած եպիսկոպոսաց ժողովը եւ աղօթական առանձնացումը կազմակերպել փետրուար ամսուայ ընթացքին։ 

Ժողովը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Հինգշաբթի, Յունուար 15, 2026