ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՒՑՈՅ ՄԷՋ
Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան խումբ մը ուխտաւոր դպիրի կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Տեառնընդառաջի՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ հասակի մէջ տաճար տարուելու եւ ընծայուելու դէպքին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցական թափօրը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդեց Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքի դամբարանը, որ կը գտնուի Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ ներքնայարկը։ Այստեղ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հոգելոյս պատրիարքի վախճանման տարելիցին առթիւ։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, յարակից Կոլոտ Պատրիարքի սրահին մէջ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը սարքեց հոգեճաշ մը։