ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ

Բարոյական կեանքը հոգեւոր պաշտամունք մըն է։ Մենք «Աստուծոյ կ՚ընծայենք մեր մարմինները՝ իբր զոհեր կենդանի, սուրբ, հաճելի». (ՀՌՈՄ. ԺԲ 1), մեզմով կազմուած Քրիստոսի Մարմինին եւ Անոր Ս. Պատարագի հաղորդութեան մէջ։ Ո՛չ միայն քրիստոնեայ կեանքին, այլ նաեւ բարոյական կեանքն ալ իր ակունքը եւ գագաթնակէտը կը գտնէ զոհաբերութեան մէջ։

Եկեղեցին սուրբ է. ամենասուրբն Աստուած անոր հեղինակն է։ Քրիստոս՝ անոր փեսան, Ինքզինք զոհեց սրբացնելու համար զայն։ Սրբութեան Հոգին կը կենդանացնէ զայն։ Սուրբերուն մէջ կը շողայ անոր սրբութիւնը, իսկ Մարիամի մէջ ան արդէն «ամենասրբուհի»ն է։

Եղբայրսիրութիւնը հոգի՛ն է սրբութեան, որուն կոչուած են ամէնքը։ Ան կը ղեկավարէ սրբացումի բոլոր միջոցները, զանոնք կ՚ոգեւորէ եւ կ՚առաջնորդէ դէպի իրենց վախճանը։

Սուրբ Թերեզա Յիսուս Մանկաց սապէս կ՚ըսէ։

«Ես հասկցայ, որ Եկեղեցին թէեւ զանազան անդամներէ բաղկացած մարմինէ մը բաղկացած էր, սակայն անոր չէր պակսեր ամենէն անհրաժեշտ, ամենէն ազնուական բանը։ Ես հասկցայ, որ Եկեղեցին ունէր Սիրտ մը եւ թէ այդ Սիրտը բռնկած էր Սիրով։ Ես հասկցայ, որ միայն Սէրը Եկեղեցւոյ անդամները գործի կը մղէր եւ եթէ Սէրը շիջանէր, առաքեալները պիտի չհռչակէին Աւետարանը, Մարտիրոսները՝ Վկաները պիտի մերժէին թափել իրենց արիւնը… Ես հասկցայ, որ Սէրը իր մէջ կը պարփակէր բոլոր կոչումները, թէ Սէրը ամէն ինչ էր, թէ ան կ՚ընդգրկէր բոլոր ժամանակները եւ բոլոր վայրերը… մէկ խօսքով, թէ ան յաւիտենակա՛ն է»։

Այս ընդհանուր ծանօթութիւններուն լոյսին ներքեւ վերադառնանք մեր խորագրին՝ Սուրբ Սարգիս զօրավարին եւ իր որդին Մարտիրոսի եւ տասնեւչորս զինուորներու յիշատակման։

Աւելցնենք, որ այս յիշտակման տօնը, այս տարի կը կատարուի 15 փետրուար շաբաթ օր։

Սարգիս Կապադովկեան Կեսարիոյ Գամիրք գաւառէն էր. քաջ եւ առաքինի զինուորական մը, որ Կոստանդիանոս կայսեր օրով Ստրատելատութեան (=զօրավար, սպարապետ) աստիճանին հասաւ։ Ան համարձակութեամբ կը քարոզէր Աւետարանը եւ կը կործանէր, կը քանդէր բագիններ՝ կուռքի սեղաններ եւ զոհարաններ, հեթանոսական խորաններ եւ մեհեաններ՝ հեթանոսական տաճարներ։

Երբ Յուլիանոս Ուրացող թագաւորեց, Սարգիս իր Մարտիրոս որդւոյն հետ ապաւինեցաւ Հայաստան, Տիրան թագաւորի մօտ, եւ ժամանակ մը հոն մնալէ վերջ անցաւ Պարսկաստան, պարսիկներու Շապուհ արքային մօտ, ծառայելով զինուորական ասպարէզի մէջ։

Մեծ եղաւ իր եւ իր որդւոյն ազդեցութիւնը իրենց հսկողութեան ներքեւ գտնուող պարսիկ զօրքին վրայ. անոնց մէջ քրիստոնէութեան դարձողներ եղան։ Այս պարագան հետզհետէ ուշագրաւ դառնալով, Սարգիս եւ իր զաւակը արքայական հրաւէր ստացան զոհ մատուցանելու արքունի մեհեանին մէջ։

Սարգիս զօրավար խստիւ մերժեց դաւանափոխութիւնը եւ մեհեանին մէջ նոյնիսկ քաջութիւնը ունեցաւ անարգելու կուռքերը։

Մոգերը՝ պարսիկ քուրմերը, հեթանոսական կրօնաւորները խուժեցին այն ատեն անոնց վրայ. ոտնակոխ սպաննեցին զաւակը, իսկ Սարգիս զօրավար բանտարկուեցաւ եւ յետ քննութեան գլխատուեցաւ քաղաքէն դուրս տեղի մը մէջ։ Իր պարսիկ զինուորներէն տասնչորս անձեր, որոնք մինչեւ վերջը հաւատարիմ մնացեր էին իրեն, առին Սարգիս զօրավարին մարմինը եւ մաքուր զգեստներով պատեցին։ Բայց թագաւորին հրամանով իրե՛նք եւս գլխատուեցան եւ Սարգիս զօրավարի եւ բոլորին մարմինները հրամայուեցաւ ջնջել, ոչնչացնել, եւ սակայն ուրիշ հաւատացեալներ գիշեր ատեն վերցուցին զանոնք։

Սուրբ Սարգիս զօրավար ապրած է Դ. դարուն, ծննդավայրն է Կապադովկիա, Մաժաք (Կեսարիա) քաղաք, ծնած մօտաւորապէս 330 թուականին եւ նահատակուած է մօտաւորապէս 360 թուականին՝ Պարսկաստանի Դամղան քաղաքը։ Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ հայ չէ, սակայն անունը կապուած է հայոց աշխարհի հետ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 13, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 15, 2025