ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնը բնորոշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սարօ Սրկ. Աքչելեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Արթիւր Պաղտասարեանի։

Բացի Ս. Պատարագէն, Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ բացօթեայ հանդիսաւոր Անդաստան, կատարուեցաւ նաեւ Դռնբացէքի արարողութիւն։

Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան կատարեց նաեւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ՝ իր շուրջ համախմբելով այն փոքրիկներն ու պատանիները, որոնք մասնակցութիւն բերած էին արարողութիւններուն։ Ստեղծուած ոգեւոր մթնոլորտին մէջ ան ջերմ վերաբերմունքի եւ հայրական գուրգուրանքի առարկայ դարձուց տղաքը։

Ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի գլխաւորած թաղային խորհուրդն ալ մասնաւոր կարգադրութիւններ ըրած էր, որպէսզի օրհնութեան կարգէն վերջ տղաքը հաճելի ժամանց ունենան՝ թէ՛ բացօթեայ եւ թէ յարակից «Կոմիտաս» սրահին մէջ կեանքի կոչուած ծրագրով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2025