ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆրանսիսքեան կաթոլիկ միաբանութենէն խումբ մը միաբաններ, որոնք այս օրերուն ուխտաւորաբար քաղաքս կը գտնուին։ Միաբան վարդապետներէ եւ քոյրերը բաղկացեալ խումբը Իսթանպուլի մէջ կեցութեան օրերուն փափաքած էր նաեւ այցելել հայոց հոգեւոր կեդրոնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց քոյր եկեղեցւոյ միաբաններէն բաղկացեալ ուխտաւորները՝ մաղթելով, որ Բարձրեալն Աստուած ընդունէ անոնց աղօթքը։ 

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, գործունէութեան, առաքելութեան, նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներս զբաղեցուցած դիրքին մասին։ Ի լրումն այս բոլորին՝ ան խօսեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Պատրիարքարանի դերակատարութեան շուրջ՝ որպէս հոգեւոր կեդրոն։ Նորին Ամենապատուութիւնը կանգ առաւ նաեւ Իսթանպուլի մէջ քրիստոնեայ յարանուանութեանց միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական յարաբերութիւններուն վրայ։

Հիւրերը վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Գումգաբուէն՝ մանաւանդ, որ սպառիչ պատասխաններ առած էին իրենց հարցումներուն համար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025