ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կը մասնակցի ազգային բարերար Սարգիս Պետեւեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան։ Ըստ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգին՝ Նորին Սրբութիւնը կեցութեան օրերուն կը հանդիպի նաեւ թեմական եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ։ Ան քննարկումներ կը ծաւալէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ծրագիրներուն կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025